Հինգշաբթի 26, Դեկտեմբեր 2024
ԵԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՀԵԼՍԻՆՔԻ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր շփումներ կ՚ունենայ Հելսինքիի մէջ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, այցելութեան ընթացքին Եդուարդ Նալպանտեան կը տեսակցի Ֆինլանտիոյ Նախագահ Սաուլի Նինիսթիոյի, Խորհրդարանի նախագահ Մարիա Լոհելայի եւ բանակցութիւններ կը վարէ իր պաշտօնակցին՝ Արտաքին գործոց նախարար Թիմօ Սոինիի հետ։
Երկօրեայ ուղեւորութեան ընթացքին նախատեսուած է նաեւ Եդուարդ Նալպանտեանի ելոյթը Հելսինքիի համալսարանէն ներս, ուր ան կ՚անդրադառնայ Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան։
Երկուշաբթի, Մայիս 2, 2016