ԵՒՐՈԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԷ «ՍՓԻՒՌՔՆԵՐՈՒ ԵՒՐՈՊԱՆ»
Այսօր, Եւրոպական խորհրդարանը կը հիւրընկալէ «Սփիւռքներու Եւրոպան» համաժողովը, որու ընթացքին կը դրուի Եւրոպայի սփիւռքներու ցանցի սկիզբը եւ կը ներկայացուի «Սփիւռքներու Եւրոպան» ուխտագիրը: Ըստ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթի հաղորդումներուն, այդ ուխտագիրը կը հաստատէ, որ Եւրոպայի մէջ սփիւռքներու դերը առանցքային է, որ անոնք սպառնալիք չեն, եւ որ աւելին պէտք է ընել զանոնք ներգրաւելու ուղղութեամբ: Այս համաժողովի ընթացքին տեղի կ՚ունենայ նաեւ սփիւռքներու թեմայով լուսանկարչական մրցումի մրցանակներու յանձնումի արարողութիւնը: Մրցումի լաւագոյն լուսանկարները կը ցուցադրուին Խորհրդարանին մէջ:
«Սփիւռքներու Եւրոպան» համաժողովը կ՚ամփոփէ Եւրոպայի մէջ հայկական, հրէական եւ գնչուական կազմակերպութիւններու, գիտնականներու եւ գործիչներու միջեւ տարիէ մը ի վեր շարունակուող փոխանակումները եւ գործակցութեան ուղղուած ջանքերը: Համաժողովի ծրագիրը կազմուած է չորս բաժնէ, ուր կը քննարկուին սփիւռքներու կրթական մարտահրաւէրները եւ Եւրոպայի նոր կերպարի ստեղծման անհրաժեշտութիւնը, որ կ՚ընդգրկէ սփիւռքներու ներկայութիւնը: Համաժողովի զեկուցողները կը խօսին թեմաներու շուրջ, ինչպէս խտրականութիւնը եւ ատելութիւնը, Եւրոպայի մէջ գաղթականներու ճակատագիրը, ժառանգութիւնը եւ յիշողութիւնը: Եւրոպական խորհրդարանի անդամները համաժողովի վերջին բաժնին կը քննարկեն սփիւռքներու Եւրոպայի ապագան:
«Սփիւռքներու Եւրոպան» եւրոպական ծրագիր է եւ առաջին քայլ մըն է Եւրոպայի մէջ բնակող սփիւռքեան համայնքներու ցանց ստեղծելու ուղղութեամբ: Այս ցանցին հետապնդած նպատակը պիտի ըլլայ հաստատել այն գաղափարը, որ սփիւռքները ամբողջ դարեր եղած են Եւրոպայի պատմութեան մէկ մասը եւ կարեւոր արժէք կը ներկայացնեն: Ծրագրի նպատականերէն մէկն ալ տարածումն է այն գաղափարին, ըստ որու անհրաժեշտ չէ, թէ սփիւռքեան ինքնութիւնները իրաւասու եւ արժէքաւոր ըլլալու համար կապուած ըլլան որեւէ տարածքի կամ ազդեցութեան աղբիւրի հետ:
Այս ծրագրին մէջ գնչուները կը ներկայացնէ «Պիրէն Ամենցա» ցանցը, հրեայ սփիւռքը կը ներկայացուի Հրեայ Ուսանողներու Եւրոպական Միութեան, իսկ հայկականը՝ ՀԲԸՄ Եւրոպայի կողմէ: