ԷԼԻԶԷԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Ֆրան­սա­յի Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Վա­հան Եպսկ. Յով­հան­նէ­սեան շա­բա­թա­վեր­ջին Է­լի­զէի պա­լա­տին մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Ֆրան­սա­յի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լան­տի կող­մէ։ Ըստ Փա­րի­զէն հա­սած լու­րե­րուն, ա­ւե­լի քան ժամ մը տե­ւեց այս տե­սակ­ցու­թիւ­նը, ո­րու ըն­թաց­քին Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նոր­դին ըն­կե­րա­ցաւ իր քա­ղա­քա­կան հար­ցե­րով խորհր­դա­կա­նը՝ Ար­թիւր Խան­ճեան։ Ֆրան­սա­հայ յայտ­նի մտա­ւո­րա­կան Քլէր Մու­րա­տեան եւս Է­լի­զէի պա­լա­տին մէջ էր այս տե­սակ­ցու­թեան առ­թիւ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար եւ Ֆրան­սուա Օ­լան­տին ներ­կա­յա­ցուց Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Ֆրան­սա­յի Թե­մի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը եւ օ­րա­կար­գի վրայ բե­րաւ զա­նա­զան հար­ցեր, ո­րոնք կը յու­զեն ֆրան­սա­հա­յու­թիւ­նը։ Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նոր­դը փո­խան­ցեց ֆրան­սա­հա­յու­թեան ակն­կա­լու­թիւն­նե­րը՝ ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ հա­յոց տե­սա­կէտ­նե­րու ժխտու­մը քրէա­կա­նաց­նե­լու ուղ­ղեալ օ­րէն­քի մը ըն­դուն­ման շուրջ։ Ան հե­տաքրք­րուե­ցաւ հա­մա­պա­տաս­խան քայ­լե­րով ու շեշ­տեց, թէ ֆրան­սա­հա­յե­րը ան­համ­բե­րու­թեամբ կը սպա­սեն նման օ­րէն­քի մը ըն­դուն­ման։

Տ. Վա­հան Եպսկ. Յով­հան­նէ­սեան ընդգ­ծեց Ֆրան­սա­հա­յոց Թե­մի դե­րա-­կա­տա­րու­թիւ­նը ամ­բողջ Ա­րեւմ­տեան Եւ­րո­պա­յէն ներս։ Ան յայտ­նեց, որ 2014 թուա­կա­նի Դեկ­տեմ­բե­րին ստանձ­նած էր թե­մա­կալ ա­ռաջ­նոր­դի պաշ­տօ­նը եւ ամ­փոփ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ՝ իր պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան շրջա­նին տա­րած աշ­խա­տան­քին, ի­րա­գոր­ծած ծրագ­րե­րուն եւ հե­ռան­կար­նե­րուն ա­ռըն­չու­թեամբ։

Տ. Վա­հան Եպսկ. Յով­հան­նէ­սեան Օ­լան­տի նկա­տառ­ման յանձ­նեց նաեւ ֆրան­սա­հա­յե­րու մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը՝ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ ան­ցեալ ամ-սըւան սկիզ­բին Ար­ցա­խի դէմ սան­ձա­զեր­ծուած պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն շուրջ։ Հա­շուի առ­նե­լով, որ Ֆրան­սա ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րէն մին է ու ՄԱԿ-ի Անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի ան­դամ՝ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը Ֆրան­սուա Օ­լան­տէն խնդրեց՝ պա­հան­ջել Ատր­պէյ­ճա­նէն հրա­դա­դա­րի դրու­թեան յար­գուի­լը եւ ստի­պել զայն՝ որ­պէս­զի ըն­դու­նի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­յոց ի­րա­ւունք­նե­րը՝ ի­րենց պա­պե­նա­կան հո­ղե­րուն վրայ ապ­րե­լու հա­մար։

Այս տե­սակ­ցու­թիւ­նը շատ կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նի Ֆրան­սա­յի Հա­յոց Թե­մին տե­սա­կէ­տէ, ուր վեր­ջին տա­րի­նե­րուն կ՚ապ­րուին զա­նա­զան վե­րի­վայ­րում­ներ։ Մաս­նա­ւո­րա­պէս Նի­սի ճգնա­ժա­մը տա­կա­ւին կը կա­րօ­տի վերջ­նա­կան լուծ­ման եւ այս խնդրին շրջագ­ծով կան էա­կան ե­րե­սակ­ներ, ո­րոնք կ՚ա­ռըն­չուին Ֆրան­սա­յի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հետ։ Ան­շուշտ, որ իշ­խա­նու­թեան բո­լոր օ­ղակ­նե­րը ի­րենց լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րու շրջագ­ծին մէջ, բո­լոր քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն նկատ­մամբ հա­ւա­սար հե­ռա­ւո­րու­թիւն պա­հե­լով կը գոր­ծեն, սա­կայն թե­մա­կալ ա­ռաջ­նոր­դին հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին կող­մէ ըն­դու­նուի­լը ան­տա­րա­կոյս լուրջ ա­պա­ցոյց մըն է ա­նոր հե­ղի­նա­կու­թեան տե­սան­կիւ­նէն։ Վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րուն չէ պա­տա­հած այս մա­կար­դա­կով ա­ռան­ձին հան­դի­պում մը՝ Ֆրան­սա­յի հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին եւ ֆրան­սա­հա­յոց ա­ռաջ­նոր­դին մի­ջեւ։ Ֆրան­սա­հա­յոց Թե­մը, այ­սօ­րուան կար­գա­վի­ճա­կով, տա­կա­ւին նոր ստեղ­ծուած է եւ Տ. Վա­հան Եպսկ. Յով­հան­նէ­սեա­նի Է­լի­զէի մէջ ու­նե­ցած հան­դի­պու­մը ան­կա­րե­լի է ստո­րագ­նա­հա­տել։ Ա­ւե­լի՛ն, Ֆրան­սուա Օ­լանտ ըն­կեր­վա­րա­կան մըն է եւ ըն­կեր­վա­րա­կան­նե­րը ա­ւան­դա­բար ա­ւե­լի հե­ռա­ւո­րու­թիւն պա­հել կը նա­խընտ­րեն կրօ­նա­կան կամ ե­կե­ղե­ցա­կան շրջա­նակ­նե­րուն հետ։

Ֆրան­սա­յի մէջ կը գոր­ծէ Ֆրան­սա­հայ կազ­մա­կե­պու­թիւն­նե­րու հա­մա­կարգ­ման խոր­հուր­դը (CCAF), ո­րու հո­վա­նո­ցին տակ հա­մախմ­բուած կա­ռոյց­նե­րէն մին է Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Ֆրան­սա­յի Թե­մը։ Վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րուն ձե­ւա­ւո­րուած նա­խըն­թա­ցը այն­պէս էր, որ երկ­րի բարձ­րա­գոյն ղե­կա­վա­րու­թեան հետ ֆրան­սա­հա­յու­թեան ա­ռու­մով կապ կը պա­հեն CCAF-ի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը։ Հի­մա, թե­մա­կալ ա­ռաջ­նոր­դին հետ այս­պի­սի տե­սակ­ցու­թիւն մը ար­դէն հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի մա­կար­դա­կին վրայ շփում մշա­կե­լու նոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն մը կը ստեղ­ծէ։ Սա շատ կա­րե­ւոր ե­րե­ւոյթ մըն է եւ ե­թէ այս հան­դի­պու­մը ու­նե­նայ տրա­մա­բա­նա­կան շա­րու­նա­կու­թիւն, ա­պա ֆրան­սա­հա­յոց կեան­քի հա­մախմբ­ման տե­սան­կիւ­նէն կրնայ ստեղ­ծուիլ կա­րե­ւոր խթան մը։

Երկուշաբթի, Մայիս 2, 2016