ՄԻՇՏ ՑԱՒ, ՄԻՇՏ ԱՐԻՒՆ
Անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութիւնը շաբաթավերջին իրականացուց զանազան յարձակումներ, որոնց հետեւանքով նահատակուեցան անվտանգութեան պաշտօնեաներ եւ բովանդակ Թուրքիան հերթական անգամ ցասումով հետեւեցաւ ստեղծուած ծանր հետեւանքներուն։
Երէկ, առաւօտեան ժամերուն ահաբեկիչները յարձակում մը գործեցին Կազիանթէպի անվտանգութեան տնօրէութեան շէնքին վրայ։ Դէպքին հետեւանքով 2 ոստիկան նահատակուեցաւ, 19 հոգի ալ վիրաւորուեցաւ։
Բաց աստի, երեկոյեան ժամերուն ալ ցաւալի լուրեր հասան Տիճլէէն, Տիարպաքըր։ Տիճլէէն 1 քիլօմեթր հեռաւորութեամբ ՓՔՔ-ականները ժամը շուրջ 21.50-ին յարձակում մը գործեցին Ոստիկան զօրաց հրամանատարութեան եւ յարակից զինուորական անձնակազմի բնակելի շէնքերուն գտնուած համալիրին վրայ։ 2 թոն պայթուցիկ նիւթերով բեռնաւորուած ինքնաշարժով մը կատարուեցաւ այս յարձակումը, որու հետեւեանքով նահատակուեցաւ զինուոր մը, 25 հոգի ալ վիրաւորուեցաւ։
Միւս կողմէ, Նուսայպինի եւ Շըրնաքի մէջ ալ շաբաթավերջի դէպքերուն հետեւանքով նահատակուեցան 4 զինուորներ։
Բովանդակ Թուրքիա ցաւով կը հետեւի այս դէպքերուն, մինչ հանրային կարծիքին մօտ յառաջացած մեծ ցաւին զուգահեռ միշտ կ՚ամրապնդուի միասնականութիւն պահելու գիտակցութիւնը։
«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու յայտարարեց, թէ Կազիանթէպի ահաբեկչական յարձակման կապակցութեամբ ձեռնարկուած է խտացեալ հետաքննութեան մը, որու արդիւնքով կարգ մը կարեւոր տուեալներ պարզուած են։ Ներքին Գործոց նախարարութիւնը եւ Կազիանթէպի կուսակալութիւնը այս կապակցութեամբ հանդէս պիտի գան անհրաժեշտ բացատրութիւններով։
Միւս կողմէ, ստուգուեցաւ նաեւ, թէ Պուրսայի վերջին յարձակումն ալ իրականացուած է ՓՔՔ-ի կողմէ։