ՊՈՒՆՏԵՍՏԱԿ ՅՈՒՆԻՍ 2-ԻՆ ՊԻՏԻ ՔՆՆԷ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԸ

Գեր­մա­նիոյ Խորհր­դա­րա­նէն ներս Յու­նի­սի 2-ին օ­րա­կար­գի վրայ պի­տի գայ հայ­կա­կան հար­ցը։ Կը հա­ղոր­դուի, որ Պուն­տես­տա­կէ ներս ներ­կա­յա­ցուած կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն հա­մա­ձայ­նու­թեամբ պի­տի քննար­կուի այս նիւ­թը։ Երկ­րի հա­մա­խո­հա­կան իշ­խա­նու­թեան մաս­նա­կից Սո­ցիալ դե­մոկ­րատ կու­սակ­ցու­թեան խորհր­դա­րա­նա­կան խմբակ­ցու­թեան ղե­կա­վար Թո­մաս Օփ­փեր­ման այս առ­թիւ յայ­տա­րա­րեց, թէ Պուն­տես­տա­կը պի­տի ըն­դու­նի ո­րո­շում մը, ո­րով 1915 թուա­կա­նի դէպ­քե­րը պի­տի ճանչ­ցուին որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն։

Գեր­մա­նա­ցի խորհր­դա­րա­նա­կա­նը շեշ­տեց, որ հա­կա­ռակ Թուր­քիոյ ընդվզ­ման, 1915 թուա­կա­նի դէպ­քե­րը՝ Ա. Աշ­խար­հա­մար­տի ըն­թաց­քին հա­յոց դէմ գոր­ծադ­րուած զան­գուա­ծա­յին ջար­դերն ու տե­ղա­հա­նու­թիւ­նը պէտք է ճանչ­ցուին որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն։

Օփ­փեր­ման այս նիւ­թին ա­ռըն­չու­թեամբ ը­րաւ նաեւ հե­տաքրք­րա­կան բաղ­դա­տու­թիւն մը։ Ծա­նօթ է, որ Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէլ վեր­ջերս հա­ւա­նու­թիւն տուաւ, որ­պէս­զի եր­գի­ծա­բան Պէօհ­մեր­մա­նի դէմ դա­տա­կան գործ յա­րու­ցուի՝ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի դէմ ա­նար­գան­քի հե­տե­ւան­քով։ Ան ը­սաւ, թէ Սո­ցիալ դե­մոկ­րատ կու­սակ­ցու­թիւ­նը դէմ էր Մեր­քէ­լի այդ ո­րոշ­ման եւ շան­սէօ­լիէի կող­մէ առ­նուած քայ­լը սխալ էր։ Հե­տե­ւա­բար, ըստ Օփ­փեր­մա­նի, այս նոյն պատ­ճա­ռով է, որ պէտք է ճանչ­նալ հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը։

Ան­ցեալ տա­րի Գեր­մա­նիոյ Նա­խա­գահ Եոա­խիմ Կաուք եւ Պուն­տես­տա­կի նա­խա­գահ Նոր­պերթ Լամ­մերթ ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին խօ­սած էին՝ 1915-ի դէպ­քե­րու 100-րդ տա­րե­լի­ցին շար­ժա­ռի­թով։ 

Երկուշաբթի, Մայիս 2, 2016