ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ԳԱՐՆԱՆԱՅԻՆ ԴՊՐՈՑ

Լիբանանի Ազգային Լե­ւոն եւ Սո­ֆիա Յա­կո­բեան գո­լէճին մէջ բա­ցու­մը կա­տա­րուե­ցաւ սու­րիա­հայ ա­շա­կերտ­նե­րու գար­նա­նա­յին դպրո­ցին:

Դպրո­ցը կը հա­մախմ­բէ Պուրճ Հա­մուտ եւ շրջա­կայ­քը բնա­կող 155 սու­րիա­հայ փոք­րիկ­ներ, ո­րոնք 11 շաբ­թուան ըն­թաց­քին, շա­բա­թա­կան եր­կօ­րեայ դրու­թեամբ (Ուր­բաթ կէ­սօ­րէ ետ­քե­րը եւ Շա­բաթ ա­ռա­ւօտ­նե­րը), պի­տի հե­տե­ւին դաս­տիա­րակ­չա­կան յա­տուկ ծրա­գի­րի՝ բա­րե­լա­ւե­լու հա­մար ու­սում­նա­կան-կրթա­կան ի­րենց մա­կար­դա­կը:

Դպրո­ցին բա­ցու­մը նա­խա­ձեռ­նու­թիւնն է Ազգ. Լե­ւոն եւ Սո­ֆիա Յա­կո­բեան գո­լէ­ճին, գոր­ծակ­ցու­թեամբ «Հաուըրտ Գա­րա­կէօ­զեան» հաս­տա­տու­թեան եւ նիւ­թա­կան հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ MECC-ի՝ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի ե­կե­ղե­ցի­նե­րու խոր­հուր­դին: Դպրո­ցին ծրա­գի­րը կ՚ընդգր­կէ անգ­լե­րէն լե­զու, անգ­լե­րէ­նով ու­սո­ղու­թիւն եւ գի­տա­կան նիւ­թեր, ընդ­հա­նուր զար­գաց­ման գի­տե­լիք­ներ, ա­րուեստ­ներ եւ մարմ­նակր­թու­թիւն: 155 ա­շա­կեր­տեր, վեց դա­սա­րան­նե­րու մէջ բաժ­նուած, օ­րա­կան պի­տի կա­տա­րեն ե­րե­քա­կան պահ: Նա­խա­տե­սուած են նաեւ ար­տադպ­րո­ցա­կան պտոյտ­ներ եւ հա­ճե­լի ժա­ման­ցի պա­հեր:

Դպրո­ցին բաց­ման հան­դի­սու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցան Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի ե­կե­ղե­ցի­նե­րու խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ՝ Սա­մեր Լա­համ եւ Սե­դա Խտը­շեան, «Հաուըրտ Գա­րա­կէօ­զեան» հաս­տա­տու­թեան տնօ­րէն Սե­րոբ Օ­հա­նեան, գար­նա­նա­յին դպրո­ցի անձ­նա­կազ­մը, սու­րիա­հայ փոք­րիկ­ներ, ծնող­ներ եւ հա­րա­զատ­ներ:

Այս ա­ռի­թով խօս­քեր ար­տա­սա­նե­ցին տնօ­րէն­ներ՝ Վի­գէն Ա­ւա­գեան, Սե­րոբ Օ­հա­նեան եւ Սա­մեր Լա­համ:

Վի­գէն Ա­ւա­գեան յայտ­նեց, որ սու­րիա­հայ ա­շա­կերտ­նե­րու յա­տուկ գար­նա­նա­յին դպրո­ցը սո­վո­րա­կան դպրոց­նե­րէ տար­բեր է իր ա­ռա­ջադ­րան­քով, ո­րով­հե­տեւ ան կը նպա­տա­կադ­րէ ման­կա­վար­ժա­կան ար­դի մե­թոտ­նե­րով եւ մաս­նա­գէտ անձ­նա­կազ­մով գի­տե­լիք, ա­րուեստ­ներ եւ զա­նա­զան հմտու­թիւն­ներ փո­խան­ցել պա­տա­նի­նե­րու, ո­րոնք սու­րիա­կան պա­տե­րազ­մի ար­հա­ւիր­քէն փա­խուստ տա­լով՝ ա­պաս­տա­նած են Լի­բա­նան եւ հասկ­նա­լի դժուա­րու­թիւն­ներ կը դի­մագ­րա­ւեն ի­րենց նոր մի­ջա­վայ­րին ըն­տե­լա­նա­լու հա­մար: Շա­րու­նա­կե­լով, Վի­գէն Ա­ւա­գեան նշեց, որ  Ազգային Լե­ւոն եւ Սո­ֆիա Յա­կո­բեան գո­լէ­ճը սու­րիա­կան տագ­նա­պի ա­ռա­ջին օ­րէն իր դռնե­րը եւ սրտե­րը լայն բա­ցած է սու­րիա­հայ պա­րա­գա­նե­րու դի­մաց: Անց­նող չորս տա­րի­նե­րուն, հա­մե­մա­տա­կան կեր­պով, ան ա­մե­նէն մեծ թի­ւով սու­րիա­հայ ա­շա­կերտ­նե­րը ըն­դու­նած է իր յար­կին տակ, յա­ճախ  կազ­մա­կեր­պե­լով նաեւ յա­տուկ դա­սըն­թացք­ներ՝ սու­րիա­հայ ա­շա­կերտ­նե­րու կրթա­կան կա­րիք­նե­րը բա­ւա­րա­րե­լու հա­մար: Այս դպրո­ցը իր տե­սա­կին մէջ չոր­րորդն է եւ միա­ժա­մա­նակ մե­ծա­գոյնն է, քա­նի ան կը հա­մախմ­բէ 155 ա­շա­կերտ­ներ: Ա­ւա­գեան մաղ­թեց, որ սու­րիա­կան տագ­նա­պը յան­գի իր ա­րագ լուծ­ման եւ բո­լոր գաղ­թա­կան­նե­րը վե­րա­դառ­նան ի­րենց հա­րա­զատ տու­ներն ու դպրոց­նե­րը: Մինչ այդ, իբ­րեւ կրթա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­ներ, ան հաս­տա­տեց, որ մեր ձեռ­քե­րը միշտ եր­կա­րած պի­տի մնան հաս­նե­լու հա­մար սու­րիա­հայ բո­լոր պա­րա­գա­նե­րուն, անխ­տիր:

Սե­րոբ Օ­հա­նեան ող­ջու­նեց ներ­կայ սու­րիա­հա­յե­րը եւ յայտ­նեց, որ «Գա­րա­կէօ­զեան» հաս­տա­տու­թիւ­նը, ինչ­պէս անց­նող չորս տա­րի­նե­րուն, այ­սօր եւս կը ջա­նայ հաս­նիլ սու­րիա­հայ ազ­գա­կից­նե­րու ըն­կե­րա­յին, բժշկա­կան եւ խնա­մա­տա­րա­կան կա­րիք­նե­րուն: Հաս­տա­տու­թիւ­նը միշտ ե­ղած է հայ ա­շա­կեր­տի կող­քին: Այ­սօր սու­րիա­հայ ա­շա­կեր­տը ու­նի յա­ւե­լեալ կա­րիք­ներ, ո­րոնց բա­ւա­րար­ման հա­մար կը ստեղ­ծուի գար­նա­նա­յին դպրո­ցը՝ Ազգ. Լե­ւոն եւ Սո­ֆիա Յա­կո­բեան գո­լէ­ճին հետ գոր­ծակ­ցա­բար: Օ­հա­նեան յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց դպրո­ցին աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ թե­լադ­րեց ա­ռա­ւե­լա­գոյնս օգ­տուիլ ա­նոր օգ­տա­շատ ծրա­գի­րէն:

Իր կար­գին, Սա­մեր Լա­համ շեշ­տեց նման դպրոց­նե­րու կազ­մա­կերպ­ման ան-հ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը՝ սու­րիա­ցի գաղ­թա­կան­նե­րու օ­ժան­դա­կու­թեան հա­մար: Ան ը­սաւ, որ կրթա­կան կեան­քը յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թիւն պէտք է ու­նե­նայ Լի­բա­նան ա­պաս­տա­նած սու­րիա­ցի փոք­րիկ­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք ուս­ման ճամ­բով միայն պի­տի կա­րե­նան ա­պա­հով եւ կա­յուն ա­պա­գայ մը ու­նե­նալ: Ու­սու­մը զի­րենք պի­տի օժ­տէ այն­պի­սի հմտու­թիւն­նե­րով եւ կա­րո­ղու­թիւն­նե­րով, ո­րոնց շնոր­հիւ ա­նոնք պի­տի յա­ջո­ղին յաղ­թա­հա­րել ի­րենց դէմ ցցուած բո­լոր դժուա­րու­թիւն­նե­րը, նշեց ան:

Բաց­ման հան­դի­սու­թեան պաշ­տօ­նա­կան խօս­քե­րէն ետք ներ­կայ փոք­րիկ­նե­րը զուար­ճա­ցան աճ­պա­րար Քրիս­տի­նի խա­ղե­րով եւ կա­խար­դա­կան հնարք­նե­րով:

Ա­պա, այս ա­ռի­թով պատ­րաս­տուած հիւ­րա­սի­րու­թիւ­նը վա­յե­լե­լէ ետք, բո­լո­րը տուն մեկ­նե­ցան գո­հու­նակ տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րով՝ կրթա­կան-ու­սում­նա­կան  ար­դիւ­նա­ւէտ փոր­ձա­ռու­թիւն մը ու­նե­նա­լու յոյ­սով:

Երկուշաբթի, Մայիս 2, 2016