ՔԻՄ ՔԱՐՏԱՇԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՆԱՈՄԻ ՔԵՄՓՊԸԼԻ ԳՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԻՆ

Աշ­խար­հահռ­չակ բնոր­դու­հի Նաո­մի Քեմփ­պը­լի գիր­քին շնոր­հան­դէ­սը տե­ղի ու­նե­ցաւ Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ։ Այս­պէս, Լոն­տո­նի մէջ կա­յա­ցած շնոր­հան­դէ­սէն յե­տոյ հան­րա­յայտ բնոր­դու­հի Նաո­մի Քեմփպըլ իր երկ­հա­տո­րեայ Naomi գիր­քը ներ­կա­յա­ցու­ցած է նաեւ Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ։

Շուրջ ա­միս մը ա­ռաջ Taschen հրա­տա­րակ­չու­թե­նէն լոյս տե­սած է բնոր­դու­հիին աս­պա­րէ­զա­յին ա­նու­նով՝ «Սեւ հո­վա­զի» ինք­նա­կեն­սագ­րա­կան գիր­քը:

Գիր­քի թո­ղարկ­ման կա­պակ­ցու­թեամբ աղմը-կա­յա­րոյց ե­րե­կոյ­թը եր­կու շա­բաթ ա­ռաջ կա­յա­ցած է Լոն­տո­նի մէջ, իսկ այժմ ալ հեր­թը բնոր­դու­հիի հո­լի­վու­տեան ըն­կեր­նե­րունն է։
 

Գիր­քին մէջ, բա­ցի ինք­նա­կեն­սագ­րու­թե­նէն, բնա­կա­նա­բար, նե­րա­ռուած են նաեւ Քեմփպըլի լու­սան­կար­նե­րը:

Ե­րե­կոյ­թին ներ­կայ ե­ղած է աշ­խար­հահռ­չակ հա­յազ­գի ա­րուես­տա­գի­տու­հի Քիմ Քար­տա­շեան։ Ներ­կայ ե­ղած են նաեւ Ճի­ճի Հա­տիտ, Լե­նի Քրա­վից, Շոն Քոմպս եւ այլ­ք։

Երկուշաբթի, Մայիս 2, 2016