ROLLS-ROYCE-Ի ՊԱՅՈՒՍԱԿՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆ

Բրի­տա­նա­կան հե­ղի­նա­կա­ւոր Rolls Royce ըն­կե­րու­թիւ­նը ներ­կա­յա­ցու­ցած է ինք­նա­շար­ժի բեռ­նախ­ցի­կին մէջ ի­րե­րու տե­ղա­փոխ­ման հա­մար նա­խա­տե­սուած յա­տուկ ձե­ւագ­ծու­մով պա­յու­սակ­նե­րու թան­կար­ժէք հա­ւա­քա­ծոն: Ա­նոնք նա­խա­տե­սուած են բա­ցա­ռա­պէս Rolls Royce Wraith տի­պի ինք­նա­շար­ժին հա­մար: Հա­ւա­քա­ծոն բաղ­կա­ցած է ե­րեք ճա­նա­պար­հա­յին պա­յու­սա­կէ, եր­կու ճամպ­րու­կէ ու ե­րե­կո­յեան զգեստ­նե­րու ա­պա­հով տե­ղա­փոխ­ման հա­մար նա­խա­տե­սուած պա­տեա­նէ: Հա­ւա­քա­ծո­յին մէջ նե­րա­ռուած բո­լոր նմոյշ­նե­րը պատ­րաս­տուած են բարձ­րո­րակ կա­շիէ ու ամ­բող­ջու­թեամբ ձեռ­քի աշ­խա­տանք  են։

Հե­տաքրք­րա­կան է, որ այս հա­ւա­քա­ծոն, որ կը վա­ճա­ռուի 45.858 ա­մե­րի­կեան տո­լա­րով, իր գի­նով կը գե­րա­զան­ցէ BMW 3-Series ինք­նա­շարժ­նե­րը, ո­րոնց ար­ժէ­քը 33.100 տո­լար է:

Երկուշաբթի, Մայիս 2, 2016