«ՆԵՐԴՐՈՂՆԵՐՈՒ ՕՐ»
Երեւանի մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ Թուրքիայէն եւ Հայաստանէն ներդրողներու մասնակցութեամբ բացառիկ հաւաքոյթ մը։ «Ներդրողներու օր» խորագրեալ այս ձեռնարկը կազմակերպուեցաւ Եւրոմիութեան հովանաւորութեան ներքեւ։ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի խրախուսման ուղղեալ ծրագրին շրջագծով կազմակերպուեցաւ այս հաւաքոյթը, որուն գործարարներու առընթեր ներկայ գտնուեցան նաեւ դիւանագէտներ։ Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ժան-Ֆրանսուա Շարփանթիէ ելոյթով մը հանդէս եկաւ սոյն հաւաքոյթի ընթացքին։ Երկու երկիրներու գործարար աշխարհներէն ներկայացուցիչներ տեղեկութիւններ փոխանցեցին համագործակցութեան հնարաւորութիւններուն եւ հեռանկարներուն շուրջ։
Հաւաքոյթը առարկայ դարձաւ նաեւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն։