ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Եւրոասիոյ տնտեսական միութենէն (ԵԱՏՄ) ներս ուժանիւթակիրներու միասնական շուկայի ստեղծման հարցը կը քննարկուի զանազան ձեւաչափերու մէջ։ Երեւանի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցած Եւրոասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստին ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ կազի եւ ուժանիւթակիրներու գիները շատ մեծ կապ ունին այլ ապրանքներու գիներուն հետ, որոնք ալ ԵԱՏՄ-ի երկիրներու տնտեսութիւններու բաղադրիչ մաս կը հանդիսանան։

ԵԱՏՄ-ի միջկառավարական խորհուրդի նիստը Երեւանի մէջ համախմբեց այդ կազմակերպութեան անդամ երկիրներու վարչապետները։ Ժողովի արդիւնքներուն շուրջ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը սարքեցին Նիկոլ Փաշինեան եւ ԵԱՏՄ-ի խորհուրդի նախագահ Տիգրան Սարգսեան։ Փաշինեան այս առթիւ նշեց հետեւեալը.

«ԵԱՏՄ-է ներս բնական կազի, քարիւղի, ուժանիւթակիրներու, ապագային նաեւ ելեկտրական ուժանիւթի միասնական շուկայի ստեղծումը առաջնահերթութիւններէն մին է։ Մենք այս հարցը կը քննարկենք զանազան ձեւաչափերով եւ յոյս ունիմ, թէ այս խնդիրը ի վերջոյ լուծում կը ստանայ, որովհետեւ սա լուրջ նշանակութիւն ունի մեր երկիրներու տնտեսութիւններուն համար։ Կազի եւ ուժանիւթակիրներու գիները շատ մեծ կապ ունին այլ ապրանքներու գիներուն հետ, որոնք ալ մեր երկիրներու տնտեսութիւններու բաղադրիչ մասը կը հանդիսանան»։

Նիկոլ Փաշինեան երկրորդ կարեւոր խնդիրը համարեց թուային օրակարգի ստեղծումը։ «Կը կարծեմ, թէ թուային փորձագիտութիւնները կը մօտեցնեն մեր երկիրներու տնտեսութիւնները։ ԵԱՏՄ-ի յետագայ զարգացման, այլ երկիրներու համար կառոյցի նկատմամբ հետաքրքրութեան բարձրացման տեսանկիւնէն այս հարցերը շատ կարեւոր են», ըսաւ Հայաստանի վարչապետը։

Հինգշաբթի, Մայիս 2, 2019