ԲՌՆՑՔԱՄԱՐՏԻԿ ԱՐԱՄ ԱՒԱԳԵԱՆԻ ՄԵՆԱՄԱՐՏԸ՝ ՄԱՅԻՍԻ 4-ԻՆ

Արհեստավարժ բռնցքամարտիկ Արամ Աւագեանի հերթական մենամարտի օրը փոփոխութեան ենթարկուած է: Այսպէս, «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ Արամ Աւագեանի մենամարտը կը կայանայ նախատեսուածէն երկու օր վերջ՝ մայիսի 4-ին, Լաս Վեկասի T-Mobile Arena-ի մէջ: Նոյն երեկոյի ընթացքին կը կայանայ օրուայ գլխաւոր մենամարտը համաշխարհային հռչակ վայելող բռնցքամարտիկներ՝ մեքսիկացի Սաուլ Ալւարէսի եւ ամերիկացի Տանիէլ Ճակոփսի մասնակցութեամբ:

Լաս Վեկասի մէջ կայանալիք WBC International Silver գօտիի պաշտպանութեան համար Աւագեան իր ուժերը կը չափէ ամերիկացի Ֆրանսիսքօ Էսպարզայի հետ: 24-ամեայ կռփամարտիկը արհեստավարժ ասպարէզի մէջ իրականացուցած է տասն մենամարտ, որոնցմէ մէկը աւարտած է հաւասարութեամբ, իսկ միւսներու պարագային տարած է յաղթանակ:

Արամ Աւագեանի համար այս մենամարտը կ՚ըլլայ տասներորդը: Նախորդ ութ հանդիպումներուն Աւագեան միայն յաղթանակներ տարած է, մէկ անգամ ալ մենամարտը աւարտած է հաւասարութեամբ։

Հինգշաբթի, Մայիս 2, 2019