FACEBOOK-Ի ՄԱՀԱՑԱԾ ՕԳՏԱՏԷՐԵՐԸ ԹՈՒԱՔԱՆԱԿՈՎ ԿԸ ԳԵՐԱԶԱՆՑԵՆ ՈՂՋԵՐԸ

Facebook ընկերային ցանցի մահացած օգտատէրերը յառաջիկայ յիսուն տարուան ընթացքին կրնան թուաքանակով գերազանցել ողջերը: Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»ը, կը հաղորդէ Համացանցի Օքսֆորտի կաճառի, որ մաս կը կազմէ Օքսֆորտի համալսարանին, գիտնականներու հրապարակած հաշուետուութեան մէջ:

Վերլուծութեան արդիւնքներու համաձայն, ընկերակցութեան առնուազն 1.4 միլիառ մասնակիցներ կը մահանան մինչեւ 2100 թուականը: Այս պարագային «մեռած» օգտահաշիւներու թիւը «ողջերու» թուաքանակը կը գերազանցէ 2070 թուականին: Հետազօտողները մշակած են երկու ծայրայեղական թատրերգութիւն: Անոնցմէ մէկը կը նկարագրէ իրավիճակ մը, որով նոր օգտատէրեր երբեք չեն արձանագրուիր Facebook-ի մէջ, ըստ երկրորդի՝ անոնց թիւը տարեկան կ՚աւելնայ 13 տոկոսով: Սակայն մասնագէտները կը կարծեն, որ իրականութիւնը կ՚արտայայտուի երկու կանխատեսումներու միջին ցուցանիշներով:

Այն պարագային, եթէ Facebook-ի աճը շարունակուի ներկայ արագութեամբ, մահացած օգտատէրերու թիւը 4.9 միլիառի կը հասնի 21-րդ դարու վերջաւորութեան:

Հինգշաբթի, Մայիս 2, 2019