ԵՐԵՒԱՆ ԵՒ ՔԻԵՒ ՍԵՐՏ ԿԱՊԻ ՄԷՋ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան նախընթաց օր հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ուքրայնոյ Արտաքին գործոց նախարար Տմիթրօ Քուլեպայի հետ։ Նախարարները կարծիքներ փոխանակեցին քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած մարտահրաւէրներուն եւ անոնց դիմագրաւման ուղղութեամբ ազգային մակարդակներու վրայ ձեռնարկուած քայլերու շուրջ։ Մնացականեան զօրակցութիւն յայտնեց Ուքրայնոյ բարեկամ ժողովուրդին՝ համաճարակի եւ անոր հետեւանքներու շուտափոյթ յաղթահարման ուղղութեամբ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, համաճարակով պայմանաւորուած իրադրութեան մթնոլորտին մէջ Մնացականեան եւ Քուլեպա կանգ առին Հայաստանի եւ Ուքրայնոյ քաղաքացիներու հայրենիք վերադարձի կազմակերպման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերուն վրայ։ Անոնք գոհունակութեամբ ընդգծեցին Հայաստանի եւ Ուքրայնոյ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն կողմէ իրականացուած սերտ համագործակցութիւնը եւ շինիչ աշխատանքը՝ ներառեալ ուքրանահայ համայնքի ներդրումը։ Արդարեւ, երկու ժողովուրդներու պատմական բարեկամութեան ամրապնդման տեսակէտէ բարձր գնահատուեցաւ Ուքրայնոյ հայ համայնքի դերակատարութիւնը։
Մնացականեան եւ Քուլեպա կարծիքներ փոխանակեցին երկկողմանի օրակարգային հարցերու շուրջ՝ ուրուագծելով փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ ոլորտներէն ներս համագործակցութեան շրջանակը։
Զրոյցի տեւողութեան կողմերը կարծիքներ փոխանակեցին միջազգային օրակարգի շարք մը հարցերուն շուրջ։ Զօհրապ Մնացականեան ընդգծեց մարդու իրաւանց եւ հիմնարար ազատութիւններու իրականացման համընդհանուր բնոյթի ապահովման, ինչպէս նաեւ ցեղասպանութեան կանխարգիլման ուղղեալ միջազգային ջանքերուն սատար կանգնելու կարեւորութիւնը։