ՆՈՐ ՉԱՓԱՆԻՇՆԵՐ

Թուրքիոյ բոլոր մեծ քաղաքներուն մէջ ներկայ շաբաթավերջին վերստին փողոց դուրս գալու արգելք սահմանուած է՝ քորոնաժահրի համաճարակին հետեւանքով։ Այս սահմանափակումներով պայմանաւորուած մթնոլորտի մը մէջ երէկ նշուեցաւ 1 Մայիսի տօնը։ Երկրի բնակչութեան գերակայ մասը դարձեալ իր բնակարանները քաշուած է այս շաբաթավերջին։

Թուրքիա մէկ կողմէ համաճարակի պարտադրած սահմանափակումները կը գործադրէ, միւս կողմէ ալ աստիճանաբար բնականոն կեանքի անցնելու նպատակով պատրաստութիւններ կը տեսնէ։ Վերջին օրերուն հանրային կարծիքի վրայ են այդ նախապատրաստական աշխատանքները, որոնք յառաջ կը տարուին Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ֆուատ Օքթայի գլխաւորութեամբ։ Զանգուածային լրատուութեան միջոցները ներկայիս թէ՛ Ֆուատ Օքթայի եւ թէ այլ մասնագէտներու կանխատեսումներուն արձագանգ կը հանդիսանան՝ բնականոնացման հեռանկարներուն եւ համապատասխան վարկածներուն շուրջ։ Ընդհանուր գիծերու մէջ բնականոն նոր կեանքը պիտի ունենայ նոր չափանիշներ։ Այս ամբողջին մէջ արդէն ի յայտ կու գայ, որ միջոց մը եւս կեանքը պիտի ընթանայ դիմակով, ընկերային հեռաւորութիւնով եւ մաքրութեամբ։ Առանձին հետաքրքրութեան առարկայ է տնտեսութեան բնագաւառը։ Ըստ Ֆուատ Օքթայի, բոլոր բնագաւառները աստիճանաբար պիտի վերակենդանացուին։ Տնտեսվարողներէ պիտի պահանջուի հնազանդիլ հաստատուելիք կանոններուն եւ խիստ վերահսկողութիւն պիտի կատարուի։ Ֆուատ Օքթայի խօսքով՝ տնտեսութիւնը վերակենդանացնելու ձգտման առընթեր՝ պետութիւնը պիտի ընթանայ իւրաքանչիւր օրուան տուեալները հաշուի առնելով։ Եթէ վայրի մը մէջ դարձեալ ի յայտ գայ քորոնաժահրը, ապա բոլոր կառոյցները նախօրօք տեղեակ պիտի ըլլան, որ ինչ պիտի ընեն, ուղեցոյց մը պիտի ունենան իրենց ձեռքը։

Ֆուատ Օքթայի բացատրութիւններուն առընթեր, մասնագէտներու յայտնած կարծիքներն ալ մօտաւոր ապագային համար կ՚ուրուագծեն նման հեռանկար մը։ Ըստ իրենց, մարդկութիւնը դատապարտուած պիտի չըլլայ յաւերժ դիմակով ապրելու։ Արդարեւ, ցայսօր աշխարհի վրայ չէ պատահած համաճարակ մը, որ երկու տարիէ աւելի տեւէ։ Այժմու կանխատեսումներով, հակակշիռներէ զերծ կեանք մը յառաջ տանելու համար խնդրոյ առարկայ է երեք առանցքային գործօն։ Անոնցմէ մին է՝ պատուաստանիւթի գիւտը։ Երկրորդը՝ քորոնաժահրը կրնայ դրական առումով կերպարանափոխուիլ, կրնայ յոգնիլ եւ կրնայ վարակելի ըլլալէ դադրիլ։ Երրորդ գործօնն ալ հաւաքական դիմադրութեան ապահովուիլն է հասարակութիւններէ ներս։

 Այս պահու դրութեամբ Թուրքիոյ մէջ համաճարակը վերահսկելի դարձած է, որովհետեւ օրական հաշուարկով առողջացած հիւանդներու թիւը գերազանցած է վարակեալները։ Սա անանտեսելի պարագայ մըն է, սակայն հարիւր տոկոսով չի գոհացներ մասնագէտները։ Արդարեւ, ներկայիս Թուրքիոյ մէջ ամէն օր ստուգուած վարակեալներու թիւը յամենայնդէպս կը համարուի բարձր։ Այդ քանակութիւնը երկու հազարներու մակարդակին վրայ պէտք չէ մնայ։ Ուստի ջանք պէտք չէ խնայել վարակեալներու թիւը նուազեցնելու համար։ Թէեւ փապուղիի ծայրամասին լոյսը երեւցած է Թուրքիոյ տեսակէտէ, սակայն մասնագէտներու բանաձեւումով՝ պէտք չէ մոռնալ, որ խրամատերէն նախ եւ առաջ սողալով դուրս գալ անհրաժեշտ պիտի ըլլայ։

Մասնագէտներն ալ համամիտ են, որ տնտեսական եւ ընկերային կեանքէ ներս հրատապ քայլեր պէտք է առնուին, սակայն կը զգուշացնեն ռիսքերու մասին։ Այս ամբողջին մէջ առաւել վտանգաւոր կը համարուին առեւտուրի կեդրոններն ու դպրոցները։ Հետեւաբար Թուրքիոյ մէջ մինչեւ աշուն վարժարանները փակ պահելու ուղղութեամբ առնուած որոշումը կը համարուի տեղին։ Իսկ առեւտուրի կեդրոններու պարագային վտանգները կրնան բազմապատ-կըւիլ, եթէ անոնք սկսին աշխատիլ լիարժէք տարողութեամբ։ Արդարեւ, փակ միջավայրերը արդէն ինքնին վտանգաւոր են եւ ասոր վրայ կու գայ աւելնալ, որ առեւտուրի կեդրոններէն ներս շատ դժուար է ընկերային հեռաւորութեան պահպանումը եւ դիմակներու հակակշիռը։

Նոյնիսկ եթէ Թուրքիոյ մէջ նոր դէպքերը կանխուին, ապա ահազանգային խնդիրները հարիւր տոկոսով պիտի չդադրին։ Արդարեւ, անհրաժեշտ պիտի ըլլայ ապահովել, որ արտասահմանէն նոր հիւանդներ չթափանցեն երկիր։

Այս բոլորի լոյսին տակ քայլ առ քայլ կարգադրութիւններ կը կատարուին Թուրքիոյ մէջ։ Ներկայիս, յաջորդ քայլափոխի հիմնական խնդիրը կը համարուի մօտալուտ Ռամազանի տօնին երկրէն ներս ստեղծուելիք կացութիւնը։ Այս փուլին մասնագէտներ բացարձակապէս խորհուրդ չեն տար՝ բնակարաններու մէջ համախմբուիլը, տնային այցելութիւններ իրականացնելը։ Ուստի, հաւանական է, որ Ռամազանի տօնի շրջանին աւելի երկարաժամկէտ փողոց դուրս գալու արգելք մը հաստատուի երկրին մէջ։

Համապատասխան որոշումները պիտի յստակեցուին Նախարարաց խորհուրդի յառաջիկայ նիստերուն ժամանակ։

Շաբաթ, Մայիս 2, 2020