ԹՈՒՐՔԻԱ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԵՒ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐ
Թուրքիա-Հայաստան քաղաքացիական երկխօսութեան վերաբերեալ կարեւոր տեղեկագիր մը հրապարակուած է «whatisnext.blog» կայքէջին վրայ։ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկին խրախուսանքով, Թուրքիա-Հայաստան քաղաքացիական երկխօսութեան աշխատանքային ծրագրի շրջանակին մէջ պատրաստուած տեղեկագիր մըն է այս մէկը, որու նպատակն է Հարաւային Կովկասի խնդրայարոյց եւ յարափոփոխ աշխարհաքաղաքական միջավայրին մէջ խորաթափանց ընկալել՝ խաղաղութեան կառուցման ուղղեալ նախաձեռնութիւնները։ Անկախ հետազօտողներ Արմինէ Աւետիսեան, Իհսան Քարաեազը եւ Քիւպրա Զէյնէփ Սարըասլան այս տեղեկագիրը պատրաստելու համար աշխատանք տարած են երկու երկիրներու մէջ։ Այսպէս, թէ՛ Թուրքիայէն եւ թէ Հայաստանէն 23 հոգի գործունէութիւն ծաւալած է թէ՛ դաշտի վրայ եւ թէ տեսակցութիւններ վարած է լրագրողներու, ակադեմականներու, արուեստագէտներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու հետ։
Ըստ էութեան, այս տեղեկագրին մէջ կը փնտռուի պատասխանը այն հարցումին, թէ հիմա ի՞նչ պիտի ըլլայ։ 44-օրեայ պատերազմէն վերջ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութիւններու կրած ազդեցութիւններուն վերաբերեալ ուշագրաւ յայտնաբերումներ աչքի կը զարնեն այս տեղեկագրին մէջ։
Պատերազմի հետեւանքով քաղաքացիական հասարակութեան կրած ազդեցութիւններէն սկսեալ, մինչեւ ապագայի վերաբերեալ առաջարկները՝ այս ծաւալուն տեղեկագիրը կ՚անդրադառնայ բազմաբնոյթ հարցերու։ Նոյն շրջանակին մէջ պնդուած է, որ բնականոնացման գործընթացին հասարակական կազմակերպութիւններու չմասնակցիլը նախընտրութիւն մը չէ, այլ կառավարական քաղաքականութիւններու հետեւանքն է։
Զեկոյցին մէջ կը մատնանշուի, որ 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Հայաստանի մէջ ծաւալուած քարոզչութիւնը եւ ապատեղեկատուութիւնը գերիշխած են զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մէջ։ Ըստ նոյն տուեալներուն, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ առկայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը թէեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններն ալ կը ձեւաւորէ, սակայն այդ մէկը ուղղակիօրէն քաղաքացիական երկխօսութեան ծրագրերուն չի ներառուիր՝ հակառակ իր առանցքային բնոյթին։ Բաց աստի, ուսումնասիրութիւնները ի յայտ բերած են, որ թուրքերու մեծամասնութիւնը չէ անդրադարձած՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ առկայ 30 տարուան հակամարտութեան Թուրքիոյ ուղղակի միջամտութեան գործած ժխտական ազդեցութեան՝ հայ ժողովուրդի մօտ Թուրքիոյ եւ թուրքերու ընկալման վրայ։
Ըստ նոյն զեկոյցին, Թուրքիոյ կողմէ քաղաքացիական երկխօսութիւն գործադրողները պատերազմի ժամանակ ազդու ձեւով չեն աջակցած իրենց Հայաստանի գործակիցներուն եւ անոնց լռութիւնը յուսախաբութիւն յառաջացուցած է իրենց հայ գործընկերներուն մօտ։