ՇՔԵՂ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) Լոս Անճելըսի մէջ կազմակերպեց մեծարանքի հանդիսութիւն մը՝ ի պատիւ Նոպելեան մրցանակի դափնեկիր տքթ. Արտեմ Փաթափութեանի։ Հաւաքոյթի ընթացքին մեծ պատիւի արժանի դարձան նաեւ մեծանուն գիտնականի ծնողները՝ Սարգիս Փաթափութեան եւ Հայկուհի Աճէմեան-Փաթափութեան։

ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ափի մասնաճիւղը համատեղ ջանքերով կազմակերպած էին այս շքեղ պարգեւատրման արարողութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Պեվըրլի Հիլզի մէջ։ Այս կալան առիթ դարձաւ, որպէսզի ՀԲԸՄ-ի մեծ ընտանիքը պաշտօնապէս շնորհաւորէ տքթ. Արտեմ Փաթափութեանը, որու արձանագրած յաջողութիւնը համայն հայութեան տեսակէտէ հպարտութեան առիթ հանդիսացաւ։ Անշուշտ, ՀԲԸՄ-ի աշխարհատարած ընտանիքին տեսակէտէ Արտեմ Փաթափութեանի յաջողութիւնը բացառիկ նշանակութիւն ունէր՝ քանի ան հասած է ՀԲԸՄ-ի Պէյրութի «Տեմիրճեան» վարժարանէն։ Իր մայրն ալ երկար տարիներ տնօրէնուհիի պաշտօն վարած է այդ դպրոցէն ներս։ Փաթափութեանները ՀԲԸՄ-ի դպրոցները ուղարկած են իրենց երեք զաւակները։ Ուստի, ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան Սարգիս եւ Հայկուհի Փաթափութեաններուն ալ յանձնեց «Նախագահի մրցանակը»՝ առ ի գնահատանք հայութեան մատուցուած նուիրեալ ծառայութեան։

Տքթ. Արտեմ Փաթափութեանի ի պատիւ կազմակերպուած այս շքեղ կալան եւ արդար պարգեւատրումը զուգադիպեցաւ ՀԲԸՄ-ի հիմնադրութեան 117-րդ տարեդարձի օրուան։ Ամբողջ հասոյթը տրամադրուեցաւ ՀԲԸՄ-ի Համաշխարհային օգնութեան հիմնադրամին։ Թէ՛ Պերճ Սեդրակեան եւ թէ ՀԲԸՄ-ի Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Վաչէ Մանուկեան ջերմ վերաբերմունքով տքթ. Արտեմ Փաթափութեանին յանձնեցին «Նախագահի մրցանակը»։

Մեծարանքի հանդիսութեան ներկայ էր նաեւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, որն ալ դափնեկիր գիտնականին ներկայացուց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ շնորհուած Հայրապետական սրբատառ կոնդակն ու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» շքանշանը։

Կարգադիր յանձնախումբն ալ Արտեմ Փաթափութեանին նուիրեց՝ անոր համար յատուկ պատրաստուած իր երգիծանկարը, որու հեղինակն է յայտնի նկարիչ Վրէժ Քասունի։

Երեքշաբթի, Մայիս 2, 2023