ՊԼԻՆՔԸՆԻ ՄԻՋՆՈՐԴՈՒԹԵԱՄԲ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ԵՒ ՊԱՅՐԱՄՈՎ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԸ ՎԱՐԵՆ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի միջնորդութեամբ, երէկ, Ուաշինկթընի մէջ սկսան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի բանակցութիւնները։ Առաջին հերթին Պլինքըն կարճ առանձնազրոյցներ ունեցաւ Միրզոյեանի եւ Պայրամովի հետ, իսկ աւելի վերջ սկսան եռակողմանի բանակցութիւնները։ Կը հաղորդուի, որ քննարկումները Միրզոյեանի եւ Պայրամովի միջեւ կրնան շարունակուիլ քանի մը օր։
Պլինքընի՝ Կովկասի բանակցութիւններու գծով աւագ խորհրդականը՝ Լուիս Պոնօ եւ այլ ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտներ շատ սահմանափակ տեղեկութիւններ փոխանցեցին զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն։ Այսպէս, բանակցութիւններու օրակարգին վրայ կը գտնուին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ էթնիք փոքրամասնութիւններու իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը։
Ուաշինկթընի մէջ արդէն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պատուիրակութիւնները առանձին քննարկումներ ծաւալելու սկսած են։ ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղարութեան բանբերի տեղակալ Վետանթ Փաթել յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն ուրախ է հիւրընկալելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները։ Ամերիկեան կողմը համոզուած է, որ Երեւան-Պաքու ուղիղ երկխօսութիւնը առանցքային է առկայ խնդիրներու լուծման եւ կայուն խաղաղութեան հասնելու համար։ «Մենք կը կարծենք, թէ այս երկու երկիրներուն միջեւ հնարաւոր է խաղաղութիւնը», նշեց Փաթել։
Հարկ է նշել, որ բանակցութիւնները տեղի կ՚ունենան Ուաշինկթընի մերձակայքին, «Ճորճ Շուլց» Արտաքին գործոց ազգային ուսումնական կեդրոնին մէջ։ Կը նախատեսուի, որ Միրզոյեան-Պայրամով բանակցութիւնները ընթանան ներկայ շաբթուան տեւողութեան։
Ռուսաստան այս անգամ եւս անհանգստութիւն կը յայտնէ ԱՄՆ-ի միջնորդութեամբ կազմակերպուած բանակցութիւններուն համար։ Իսկ Երեւանէն այս առաւօտ հաղորդուեցաւ, որ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ հանդիպում մը նախատեսուած է նաեւ Մոսկուայի մէջ։