ԿԱՐԵՒՈՐ ԱՆԿԻՒՆԱՔԱՐ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանագծման գործնական աշխատանքներու մթնոլորտին մէջ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ երեկոյեան կարեւոր յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Հանրային հեռուստատեսութենէն։ Ան մասնակցեցաւ՝ լրագրող-հրապարակագիր Պետրոս Ղազարեանի «Հարցազրոյց» ծրագրին, որու տեւողութեան ըսաւ. «Մենք հիմա ո՛չ թէ Կիրանցի, այլ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանը կը գծենք»։ Վարչապետը հարցազրոյցի ընթացքին թէեւ նշեց, որ սահմանագծման աշխատանքներուն ժամանակ՝ տուժելու վտանգին դէմ յանդիման մնացած բոլոր քաղաքացիներու շահերը հաշուի պիտի առնուին, սակայն, վերջին հաշուով խնդիրները մեկնաբանեց աւելի մեծ պատկերը մատնանշելով։

Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց, որ սահմանագծման աշխատանքներու շրջանակին մէջ կրնան Հայաստանի զինեալ ուժերուն կողմէ վերահսկուած կարգ մը դիրքեր փոխուիլ կամ անցնիլ Ատրպէյճանին։ Ըստ վերջին շրջանին ձեւաւորուած նախընթացին՝ վարչապետը երէկուան հարցազրոյցի ընթացքին ալ ի ձեռին ունէր Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի ուրուագիծը։ Ան շեշտեց, որ երկրի ինքնիշխանութեան եւ անկախութեան զարգացման տեսակէտէ ներկայիս շատ կարեւոր անկիւնաքար մը կը դրուի։

«Սա շատ կարեւոր իրադարձութիւն մըն է։ Սա անկիւնաքար է Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան, անկախութեան, անվտանգութեան եւ ապագայ զարգացման ու մեր պետութեան երկարաժամկէտ գոյութեան համար։ Յառաջիկայ տարիները մեր պետութեան համար վճռորոշ նշանակութիւն ունին։ Եթէ մենք կարողանանք պահպանել մեր պետականութիւնը, ինքնիշխանութիւնը, անկախութիւնը, ապա կը կարողանանք երաշխաւորել, որպէսզի յառաջիկայ տասնամեակներուն Հայաստանի Հանրապետութիւնը գոյութիւն ունենայ՝ որպէս անկախ պետութիւն», ըսաւ ան եւ աւելցուց, թէ որքան ատեն, որ Ատրպէյճանի հետ սահմանը յստակացած չըլլայ, հակամարտութեան որոշ ռիսքեր գոյութիւն պիտի ունենան։ «Քանի Ատրպէյճանի հետ սահմանը գծուած չէ, հակամարտութեան որոշ առիթ կրնայ դառնալ, ուստի կը սկսինք առաւել մեծ հակամարտութեան ներուժ ներկայացնող տեղերէն, որպէսզի իրադրութիւնը պահենք առաւելագոյնս կառավարելի», ընդգծեց վարչապետը։

Հարցազրոյցի տեւողութեան վարչապետ Փաշինեան ըսաւ. «Հայաստանի անվտանգութեան ապահովման ու շահերէն կը բխի, որ մենք ի վերջոյ որդեգրենք մեր տարածաշրջանէն ներս առանց արտաքին օգնութեան եւ առանց արտաքին հովանաւորութեան ապրելու բանաձեւ մը»։ Ան աւելցուց, որ երկիրը պէտք է իր անվտանգութիւնը ապահովէ օրինականութեան հիմքի վրայ, օրինական ակնկալութիւններու եւ օրինական պահանջներու հիմունքով։ «Անգամ մը չէ, որ ըսած եմ՝ մեր անվտանգային ու մնացեալ բոլոր հարցերուն մէջ մեր յոյսերը պէտք է մեր վրայ դնենք», յիշեցուց ան։ 

Հինգշաբթի, Մայիս 2, 2024