ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ ԵՐԱՇԽԱՒՈՐՄԱՆ ՔԱՅԼԵՐ
Հայաստանի Ուժանիւթի նախարար Երուանդ Զախարեան յայտարարեց, որ վերջին մէկ տարուան ընթացքին լուրջ աշխատանք կատարուած է երկրի ուժանիւթի անվտանգութեան ուղղութեամբ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նախարարը տեղեկացուց, թէ վերջին մէկ տարուան ընթացքին ուժանիւթի բնագաւառէն ներս կատարուած աշխատանքներուն մեծ մասը ուղղուած է ուժանիւթի անվտանգութեան հայեցակարգի հաստատման։ Միջազգային ելմտական կազմակերպութիւններուն հետ քննարկումները շարունակուած են՝ միջոցներ ճարելու համար ենթակառուցուածքներու եւ գիծերու արդիականացման, նոր ենթակառուցուածքներու եւ գիծերու կառուցման նպատակներուն ուղղութեամբ։ Ըստ նախարարին, այս բոլոր ծրագրերը էական նշանակութիւն կը ներկայացնեն ուժանիւթի համակարգին տեսակէտէ։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւոր կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Իրան-Հայաստան եւ Հայաստան-Վրաստան 400 քիլօվաթ հզօրութեամբ ելեկտրահաղորդման օդային գիծերու կառուցումը։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ Երուանդ Զախարեան խօսեցաւ նաեւ վերականգնուող ուժանիւթի, ինչպէս նաեւ ուժանիւթի խնայողութեան բնագաւառէն ներս ձեռնարկուած ծրագրերուն։ Ան ընդգծեց այս ոլորտէն ներս երկրին մեծ ներուժը եւ ըսաւ, թէ պէտք է զայն օգտագործել արդիւնաւէտ։ Նախարարը մատնանշեց, որ բնագաւառի զարգացումը խթանելու առաջադրութեամբ կատարուած են օրէնսդրական փոփոխութիւններ, ըստ որոնց վերականգնուող ուժանիւթի աղբիւրներէն արտադրուած ելեկտրականութեան պարտադիր գնման ժամկէտը երկարաձգուած է մինչեւ քսան տարի։
Միւս կողմէ, «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, նոյն յայտարարութիւններուն ընթացքին Երուանդ Զախարեան դիտել տուաւ, թէ Հայաստանի մէջ ելեկտրական ուժանիւթի սակագինը իրենցմէ կախեալ չէ։ Այս կապակցութեամբ ան մեղադրական ոճով արտայայտուեցաւ «Հայաստանի ելեկտըրական ցանցեր» ընկերութեան հասցէին։ Նախարարը ո՛չ միայն վատ կառավարումով ամբաստանեց ընկերութիւնը, այլ նաեւ՝ գողութեամբ։ Ան համոզուած է, թէ ընկերութեան ղեկավարութեան անարդիւնաւէտ աշխատանքը պատճառ կը դառնայ երկրէն ներս ելեկտրական ուժանիւթի սակագինի բարձրացման։
Հարկ է նշել, որ «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր»ը կը հանդիսանայ Ռուսաստանի «Ինթէր ռաօ» ընկերութեան սեփականութիւնը։ Վերջին ժամանակներուն շրջանառութեան մէջ կը գտնուին լսումներ, ըստ որոնց այդ մէկը գնել կը փափաքի ռուսահայ յայտնի գործարար Սամուէլ Կարապետեանի «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբը։ Անդրադառնալով այս լսումներուն՝ Երուանդ Զախարեան նշեց, թէ ո՛չ կը հերքէ, ոչ ալ կը հաստատէ այդ բոլորը։