ՊԵԼԺԻՈՅ ՄԷՋ ԿԸ ՀԱՍՈՒՆՆԱՅ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒԻ ՄԸ ԸՆԴՈՒՆՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ

2015-ի մթնո­լոր­տին մէջ, մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ կը շա­րու­նա­կուի ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ հա­յոց տե­սա­կէտ­նե­րը իւ­րաց­նե­լու ուղ­ղեալ շար­ժու­մը։ Մինչ բո­լո­րո­վին վեր­ջերս Պրա­զի­լիոյ Ծե­րա­կոյ­տը բա­նա­ձեւ մը ըն­դու­նե­լով 1915 թուա­կա­նի դէպ­քե­րը ո­րա­կեց որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն, ներ­կա­յիս կը հա­ղոր­դուի, թէ հա­մա­պա­տաս­խան պատ­րաս­տու­թիւն­ներ յա­ռաջ կը տա­րուին նաեւ Պել­ժիոյ մէջ։ «Հիւր­րի­յէթ» օ­րա­թեր­թի Պրիւք­սէ­լի թղթակ­ցի հա­ղոր­դում­նե­րով, Պել­ժիոյ մէջ այս ուղ­ղու­թեամբ կը հա­սուն­նայ գոր­ծըն­թաց մը։ Այդ երկ­րի խորհր­դա­րա­նէն ներս մե­ծա­մաս­նու­թեան տէր չորս կու­սակ­ցու­թիւն­ներ հա­սած են նման ո­րո­շու­մի մը վեր­ջին ձե­ւը տա­լու եզ­րին։ Շատ հա­ւա­նա­կան կը հա­մա­րուի Պել­ժիոյ կող­մէ 1915-ի դէպ­քե­րու՝ որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ճա­նա­չու­մը։ Բա­նա­ձե­ւի նա­խագ­ծին վրայ ներ­կա­յիս վեր­ջին աշ­խա­տանք­նե­րը կը կա­տա­րուին եւ խիստ հա­ւա­նա­բար յա­ռա­ջի­կայ աշ­նան պի­տի մնայ այդ բա­նա­ձե­ւին Պել­ժիոյ խորհր­դա­րա­նի օ­րա­կար­գին վրայ գա­լը։

Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Պել­ժիոյ մէջ թրքա­կան ար­մատ­նե­րով քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րու ա­նուան շուրջ վեր­ջերս հայ­կա­կան հար­ցին բե­րու­մով կ՚ապրուին բա­նա­վէ­ճեր։ Խորհր­դա­րա­նի ան­դամ­նե­րէն Է­միր Քը­րի դիր­քո­րո­շու­մը յա­ռա­ջա­ցու­ցած էր տա­րա­կար­ծու­թիւն­ներ, իսկ բո­լո­րո­վին վեր­ջերս Պել­ժիոյ մէջ ե­րես­փո­խան ընտ­րուած Մա­հի­նուր Էօզ­տէ­միր իր կու­սակ­ցու­թե­նէն (Ֆրան­սա­խօս կեդ­րո­նա­մէտ մար­դա­սի­րա­կան ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կու­սակ­ցու­թիւն) վտա­ուե­ցաւ՝ այ­լընտ­րան­քա­յին տե­սա­կէտ­նե­րուն հա­մար։ Կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը իր վրայ ճնշում բա­նե­ցուց, որ­պէս­զի ան 1915-ի դէպ­քե­րը ճանչ­նայ որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն, սա­կայն երբ ըն­թացք չտուաւ, Կար­գա­պա­հա­կան խոր­հուր­դի ո­րոշ­մամբ դուրս թո­ղուե­ցաւ շար­քե­րէն։ Թէ՛ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը եւ թէ Եւ­րո­միու­թեան գծով նա­խա­րար Վոլ­քան Պոզ­քըր վեր­ջերս զօ­րակ­ցու­թիւն յայտ­նե­ցին Մա­հի­նուր Էօզ­տէ­մի­րին, ո­րու ի նպաստ ե­րէկ ցոյց մըն ալ տե­ղի ու­նե­ցաւ Իս­թան­պու­լի մէջ, Պել­ժիոյ հիւ­պա­տո­սա­րա­նին առ­ջեւ, մաս­նակ­ցու­թեամբ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նի դստեր՝ Սիւ­մէյ­յէ Էր­տո­ղա­նի։

Վե­րա­դառ­նա­լով Պրիւք­սէ­լի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն՝ պել­ժիա­ցի խորհր­դա­րա­նակ­ան­նե­րուն կող­մէ տա­րուած աշ­խա­տանք­նե­րուն շրջագ­ծով կ՚ակ­նար­կուի նաեւ Էօզ­տէ­մի­րի եւ Քը­րի ա­նուն­նե­րուն շուրջ ապ­րուած­նե­րուն։ Այս­պէս, մատ­նան­շուե­ցաւ, թէ թրքա­կան ար­մատ­նե­րով ընտ­րուած­նե­րը կարգ մը նիւ­թե­րու շուրջ կը վա­րուին պե­լժիա­ցի ընտ­րուած­նե­րէ ա­ւե­լի՝ օ­տար ընտ­րուած­նե­րու նման։ Խորհր­դա­րա­նա­կան մը մատ­նան­շեց, թէ այս նիւ­թը ու­նի հրա­տապ բնոյթ։ «Պէտք չէ տպա­ւո­րու­թիւն ստեղ­ծել, որ ցե­ղաս­պա­նու­թեան մը ճա­նա­չու­մը կ՚օգ­տա­գոր­ծուի քա­ղա­քա­կան նպա­տակ­նե­րով», ը­սաւ Տէօ­նի Տիւ­քարմ։

Պել­ժիա թէեւ պաշ­տօ­նա­պէս չէ ճանչ­ցած 1915 դէպ­քե­րը որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն, սա­կայն 1998 թուա­կա­նին այդ երկ­րի Ծե­րա­կոյ­տը ա­ռած է հա­մա­պա­տաս­խան ո­րո­շում մը։

 

 

 

 

 

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2015