ՎԱՏԻՆ ԱԼ ՎԱՏԸ… ՍՊԱՍՈՒՄ

Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի մըթ-նո­լոր­տին մէջ երկ­րի ժո­ղո­վուր­դին եւ հա­յու­թեան են­թար­կուած ող­բեր­գու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կուի եւ ա­մէն օր ա՛լ ա­ւե­լի մեծ ու ան­հա­ւա­տա­լի վտանգ­նե­րու հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը կ՚ու­րուագ­ծուի հո­րի­զո­նին վրայ։ Մինչ Սու­րիոյ հա­յու­թեան ա­պա­գա­յին վե­րա­բե­րեալ ա­նո­րո­շու­թիւ­նը կը խո­րա­նայ, դժբախ­տա­բար հիմ­նա­կան լու­ծում մը գտնել կա­րե­լի չ՚ըլ­լար տեղ­ւոյն հա­յու­թեան կեան­քը ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու հա­մար։ Վեր­ջին օ­րե­րու առ­կայ մտա­հո­գու­թիւն­նե­րու լոյ­սին տակ, զա­նա­զան լրաս­փիւռ­նե­րու մօտ շրջա­նա­ռու­թեան մէջ կը գտնուին Յա­կոբ Քորթ­մո­սեա­նին կող­մէ գրի առ­նուած­նե­րը, զորս կը ներ­կա­յաց­նենք ստո­րեւ։

Վեր­ջին շրջա­նին Սու­րիոյ տար­բեր-տար­բեր շրջան­նե­րուն մէջ ա­պրուած զար­գա­ցում­ներն ու ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը, ա­ւե­լիով բար­դա­ցու­ցին երկ­րի ար­դէն իսկ ա­րիւն­քամ վի­ճա­կը:

Ար­դա­րեւ, յա­ջոր­դա­բար ընդ­դի­մադ­րի­նե­րուն ձեռ­քը ան­ցած Ճը­սըր Ալ Շու­ղու­րը, Թատ­մոր՝ պատ­մա­կան շրջա­նը, Իտ­լէ­պը եւ մա­նա­ւանդ վեր­ջին օ­րե­րուն՝ Ա­րի­հան, բա­ւա­կան մտա­հո­գու­թիւն­նե­րու դուռ բա­ցին բո­լոր սու­րիա­ցի­նե­րուն հա­մար անխտիր:

Աշ­խար­հագ­րա­կան դիր­քը նկա­տի ե­թէ ու­նե­նանք Լա­թա­քիա-Հա­լէպ տա­րա­ծքաշր­ջա­նին, կը նկա­տենք, թէ Ճը­սըր Ալ Շու­ղուր, Ա­րի­հա եւ Իտ­լէպ շրջան­նե­րը գրե­թէ ամ­բող­ջու­թեամբ ընդ­դի­մա­դիր զի­նեալ­նե­րուն տի­րա­պե­տու­թեան տակ են։ Սա կը նշա­նա­կէ, որ Լա­թա­քիա-Հա­լէպ միաց­ման ա­մե­նէն կա­րե­ւոր կէ­տե­րը ընդ­դի­մա­դիր­նե­րուն ձեռ­քը ան­ցած են եւ կեդ­րո­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը այդ կէ­տե­րուն վրայ գրե­թէ ազ­դե­ցու­թիւն չու­նին:

Այս բո­լո­րը կրկին ան­գամ լրջօ­րէն մտա­ծել կու տան սու­րիա­հա­յու­թեան, ի մաս­նա­ւո­րի հա­լէ­պա­հա­յու­թեան մա­սին: Ներ­կայ վի­ճա­կով առ­կայ է Հա­լէ­պի շղթա­յա­զեր­ծման վտան­գը։ Ե­թէ պա­տա­հի, այ­լեւս պէտք է սպա­սել զար­գա­ցում­նե­րուն, ի­մա­նա­լու հա­մար, թէ ի՛նչ կրնայ պա­տա­հիլ: Կա­րե­լի է կա­տա­րել հա­զա­րու­մէկ են­թադ­րու­թիւն­ներ, ո­րոնց­մէ զերծ կը մնամ, որ­պէս­զի սխալ ձե­ւով չըն­-կալուի ար­տա­յայ­տած մտա­հո­գու­թիւնս: Միւս կող­մէ, Ճը­սըր Ալ Շու­ղու­րէն դէ­պի Լա­թա­քիա ար­շա­ւելն ու հաս­նի­լը պար­զա­պէս ժա­մե­րու հարց է, նկա­տի ու­նե­նա­լով Ճը­սըր Ալ Շու­ղու­րէն մին­չեւ Քե­սապ լեռ­նա­յին շրջան­նե­րուն ամ­բող­ջու­թեամբ զի­նեալ­նե­րու տի­րա­պե­տու­թեան տակ ըլ­լա­լը: Ա­ւե­լի՛ն, Լա­թա­քիոյ մէջ ե­ղող «քնա­ցած խլեակ­ներ»ու վար­կա­ծը, որ ուղ­ղա­կիօ­րէն սար­սափ կը պատ­ճա­ռէ բո­լո­րին:

Թէ ի՞նչ կրնայ պա­տա­հիլ, յա­ջոր­դող օ­րե­րը պի­տի գան պա­տաս­խա­նե­լու: Այս բո­լո­րին մէջ հա­յու­թիւ­նը ի՞նչ պի­տի ըլ­լայ: Բազ­մա­թիւ հա­լէ­պա­հա­յեր Հա­լէ­պէն փո­խադ­րուած են Լա­թա­քիա, նկա­տի ու­նե­նա­լով որ հոն ա­ւե­լի ա­պա­հով է: Ե­թէ յան­կարծ պա­տա­հի, որ ըն­դդի­մա­դիր­նե­րը ար­շա­ւեն դէ­պի ծո­վե­զերք, ի՞նչ պի­տի ըլ­լայ: Ե­թէ պա­տա­հի, որ այդ վար­կա­ծեալ «քնա­ցած» խմբակ­նե­րը յան­կարծ արթն­նան, ի՞նչ կրնայ պա­տա­հիլ: Հա­յու­թիւ­նը ո՞ւր պի­տի եր­թայ: Հա­յո­ւթիւ­նը ի՞նչ պի­տի ը­նէ: Եր­բե­ւէ ա­նոնք, ո­րոնք գի­շեր-ցե­րեկ կոչ կ­­՚ը­նեն կառ­չե­լու, կոչ կ­­՚ը­նեն պա­հե­լու սու­րիա­հայ գա­ղու­թը, կը հե­տե­ւի՞ն ար­դեօք վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րուն, նկա­տի ա­ռա՞ծ են ար­դեօք, թէ ի՛նչ կրնայ պա­տա­հիլ, ե­թէ ստեղ­ծուի նման ի­րա­վի­ճակ մը: Կամ ալ կը սպա­սեն, որ գի­շե­րը քնա­նան եւ ա­ռա­ւօ­տուն արթն­նան ու սու­րիա­կան խնդի­րը լու­ծուած գտնեն, վի­ճա­կը խա­ղա­ղած, ե­ւայլն, ե­ւայլն:

Ժա­մա­նա­կը մեզ կը մա­շեց­նէ ար­դէն: Ի՜նչ տե­ղին է այս­տեղ ա­ռա­ծին խօս­քե­րը. «Ժա­մա­նա­կը սու­րի նման է, ե­թէ չկտրես զայն, ան կը կտրէ քեզ»: Մեր ներ­կայ ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, դժբախ­տա­բար:

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2015