ՎԵՐԱԲԵՐՄՈՒՆՔ
Թուրքերուն հանդէպ մեր ունեցած ատելութիւնը կը շարունակուի: Թէեւ այսօր տարբեր ամպիոններէ եւ տարբեր մակարդակներու վրայ սկսած ենք տարբերել եւ տարբերել թրքական իշխանութիւնը թուրք ժողովուրդէն: Բայց եւ այնպէս, այս մօտեցումը անկեղծ ու ճշմարիտ չէ: Պարզ անոր համար, որ մարդ չի խօսիր այն բաներուն մասին, որոնք արմատացած չեն իր մէջ:
Մենք սփիւռքի մէջ յատկապէս ընտրեցինք հեշտ ճանապարհը, որ ատելութիւնն էր: Այդ ճանապարհը որեւէ տեղ չի տանիր: Մեր նպատակներուն, մեր ուղիին, մեր գաղափարներուն դէմ եղող դեղատոմս էր ատելութիւնը: Խորքին մէջ դեղատոմս իսկ չէր, այլ թոյնի տեսակ մը, որուն կառչելով մենք կը հաւատայինք, թէ մենք մեզ պիտի պահենք կեթթոյական «ապահով» մտածողութեան մը մէջ: Մենք սիրեցինք Կիրակի օրուան տօնախմբութիւնները: Սիրեցինք պահուըտիլ ատելութեան մէջ: Ամէն առիթի մեր ոգին կերակրեցինք անով ու ապա փակ սրահներու մէջ բացագանչեցինք՝ «մահ թուրքին»: 1930-ականներուն մեր նախնիները իրենց բնակած շէնքերու տանիքները (յաճախ թիթեղեայ եւ փայտեայ բնակարաններ) կը բարձրանային սուգի հաւաքներ ընելու համար: Անոնց բերաններուն տիրապետող լեզուն թրքերէնն էր: Անոնք կը սգային իրենց կորուստները, վիշտը եւ գաղթականութիւնը: Հասկնալի էր առանձինն ապրելու, տեղւոյն հանրութենէն զատորոշուելու անոնց ճիգը: Կը պայքարէին միաձուլուելու վտանգին դէմ ապրեցնելով՝ վերադառնալու յոյսը: Անոնց խօսած թրքերէնը երբեմնի հա-յաշատ գաւառներու կոշտ թրքերէնն էր, որ կը փոխանցուէր մեզմէ շատ շատերու բերաններուն: Այդ լեզուն վերջին կապն էր Արեւմտահայաստանին հետ: Կար նաեւ անորոշութիւն ու վախ: Որոշ ժամանակ ետք այդ վախը կը փոխէր իր ճանապարհը: Թրքերէն խօսելուն դէմ պայքարը կը դառնար առաջնային: «Թրքերէն խօսողին հայերէն պատասխանէ՛», կը պոռայինք: Տակաւին խորշանքով եւ ջղայնութեամբ կը նայէինք իրենց կեանքի ձմեռը մտած եւ գաղթի գողգոթայէն հազիւ ճողոպրած մեր տարեցներուն աչքերուն մէջ, անոնց, որոնց շուրթերուն կար թրքերէնը՝ վայրի ու անմշակ: Տարանջատումէն անդին, զմռսուած մնալու ոգիին կառչելէն անդին տակաւին կրակ կը բացուէր եւրոպական տարբեր մայրաքաղաքներու սրտին վրայ: Մեր քունը կ՚ընդհատուէր ու 1970-ականներուն նոր շապիկով կը ներկայանայինք աշխարհին: Թուրք դիւանագէտներ մէկը միւսին ետեւէն կը սպաննուէին: Եւ ատելութիւնը սակայն կը մնար նոյն պատուանդանին վրայ: Թրքական կողմի լռութիւնը եւ երկխօսութեան մը սկսելու անկարելիութիւնը մեզ աւելիով կը հեռացնէին: Մենք չէինք հասկցած, ու տակաւին ալ չենք հասկցած, որ մեր քաղաքական նպատակներուն, երթին եւ ճակատագրին իսկական պատուհանը՝ Թուրքիան է: Այսինքն մեր ճանապարհը սկիզբ պիտի առնէր այն հողաշերտէն, որ այսօր Թուրքիա կը կոչուի: Անկէ դուրս մեր բոլոր տօնախմբութիւնները կեղծիք են: Մենք չենք հասկցած, որ Արեւմուտքին առջեւ թուրքերուն դէմ մեր ունեցած խնդիրներու ծրարը ոչ մէկ տեղ պիտի տանի մեզ: Ու ասոր մեծագոյն ապացոյցը հարիւր տարիէ ի վեր մեր խնդիրներուն անլոյծ մնալն է: Մեր միամտութիւնը դարձուցած ենք դրօշակ եւ աշխարհով մէկ կը պոռանք՝ «Ես թուրքերը կ՚ատեմ...»։ Տակաւին կ՚ուզենք համոզել, որ մեր հետ ապրող տարբեր երկիրներու քաղաքացիները եւս նոյնը ընեն: Արեւմտեան արժէքներ կրող եւ աշխարհին քաղաքակիրթ շպարով ներկայացող երկիրներուն համար զգացական մօտեցումները տեղ չունին: Անոնք երկերեսանի են: Կ՚ատեն թուրքերը մեզի հետ: Կը մասնակցին մեր քայլերթին, կը խըն-դան մեր հետ, կը խնդան մեր վրայ, բայց վաղը երբ վճիռին օրը գայ, կրնան նոյն թուրքերուն հետ քալել: Անոնց քով զգացումները, զգացական մօտեցումները, արդարութեան խնդիրը որոշադրող հանգամանքներ չեն: Իսկ մենք կը շարունակենք ատել: Կը շարունակենք մեր հիւանդ մօտեցումները թուրքերուն վրայ բարդելով աշխարհի ամբողջ անէծքը: Այստեղ խօսքը թուրքերը բարեկամ հռչակելու մասին չէ: Շահան Նաթալի իր «Թուրքերը եւ մենք» աշխատութեան մէջ կը գրէ. «Մեզի համար ատելութիւնը ատելութեան համար իսկ արժէք մըն է: Բայց դժբախտաբար մենք չենք տեսներ, որ հիմնաւոր է մեր այս ճիգերէն գոնէ լեզուին փոխարէն այդ սրբազան ատելութիւնը ստանալ: Ու երեւակայել, որ մեր այս ճիգերը միայն «խաղաղ ու անգիտակից» մահու մը համար են վերջ ի վերջոյ»: Ուրեմն հիմա ի՛նչ: Հիմա պարզ դարձած է, որ մենք այդ ատելութեամբ կը սնուինք պարզապէս «խաղաղ ու անգիտակից» մեռնելու համար: Մեր ոգեկոչական բոլոր հաւաքները, եթէ այսօր տանիքներու վրայ սգահանդէսի տեսքով չեն, այլ յայտնի ու լուսաւոր հրապարակներու վրայ, ապա նաեւ մոռցած ենք, որ այդ երթերուն մէջ եղողներուն մեծագոյն տոկոսին մօտ հայութեան փոխըմբռնումը կապուած է թուրքերը կուրօրէն ատելու վիճակներուն մէջ: Մենք մեր հիւծած մարմինը կը փորձենք ատելութեան թոյնին մէջ պահել ու խուսափիլ մեր լքուած հողերուն նայելու: Մենք ընտրած ենք հեշտ ճամբան: Քրտինք ու ջանք չուզող ճամբան: Մենք ընտրած ենք «խաղաղ ու անգիտակից» մեռնելու ճամբան: Մենք ընտրած ենք ատելութեամբ մեր մարմինները թունաւորելու ճամբան:
Ինչ իմաստ պիտի ունենայ այս բոլորը, երբ նոյն քայլերով, ատելութեան սրուակը մեր ձեռքերուն քալենք եւ լուռ ու խաղաղ ձեւով կորսուինք պատմութեան փոշիներուն մէջ: Մեզմէ շատերուն համար տակաւին այսօրուան Հայաստանի մասին խօսք անգամ չկայ: Մեզի համար թուրքերը ատելու վարմունքը դարձած է կեանքի իմաստ: Ու այդ իմաստէն դուրս մենք չկանք:
Չկայ մեր անունը, չկայ մեր արիւնը, չկայ վերադառնալու երազը, չկայ ոչ մէկ երազ, չկայ հողին ժամանակը, չկայ ըմբռնելու, խօսելու, թուրքերուն մէջ ուրիշ մէկը փնտռելու եւ գտնելու ճիգը: Մենք պատմութեան ժամացոյցը սառեցուցած ենք ատելութեան զերօ ժամին վրայ: Ու չենք ուզեր հոնկէ դուրս գալ: Ու մեզի համար, բոլոր անոնք, որ կ՚ուզեն շարժիլ ու զերօ ժամէն առնուազն փորձել ճամբորդել դաւաճաններ են: Մեզի համար հեշտ է դաւը փոշի դարձնել ու թափել բոլոր տեսանող աչքերուն վրայ: Ստիպել անոնց, որ մնան զերօ ժամին մէջ, ստիպել անոնց որ չմոռնան ատել: Ստիպել անոնց որ մնան պատմութեան քարայրներուն, սուգի տանիքներուն եւ փակ սրահներու տրամաբանութեան մէջ:
Մենք մինչեւ ե՞րբ այս հարցումով ճամբայ պիտի կտրենք: Մինչեւ ե՞րբ բանտարկուած պիտի մնանք այս հարցումին մէջ՝ «Ես թուրքերը կ՚ատեմ, իսկ դո՞ւն»:
Դժուար է պատասխանել, բայց միով բանիւ յստակ է, որ մենք առողջանալու կարիք ունինք: Ատելութեան ճանապարհով քալելը եւ քաղաքական մեր հայեացքներուն մէջ անյստակ ու անտրամաբանական մօտեցումներով խօսիլը մեզ կրնան այս աշխարհէն վերացնել:
Ատելութեան, ատելութեան սերմով առաջնորդուելու եւ զգացումներու պատուհանէն աշխարհին նայելու մեթոտները մեզ կրնան վերացնել:
Պէտք է փոխենք մեր հայեացքները: Նոր աչքերով նայինք աշխարհին: Թուրքերուն հետ տարբեր հարթութեան վրայ խօսինք: Դադրինք թուրքերը մեղադրելէ եւ մեր տկարութիւնները, մեր անկարութիւնը, մեր անլրջութիւնը անոր վրայ բարդելէ:
Մեր մեղքի ժամանակը, մեր մեծ ցաւերուն աղաղակը պիտի պահենք մեր սրտերուն մէջ: Պիտի բուժենք մեր վէրքերը առանց ատելու, այլ քաջօրէն: Մեր քաջութիւնը պահած ենք մեր լեարդներուն մէջ եւ չենք թողուր, որ ան աճի ու մեծնայ: Ատելութիւնը եւ քաջութիւնը տարբեր բաներ են եւ շատ յաճախ զիրար հակասող: Եթէ հասկնանք այս ըմբռնումով քալել, այն ատեն կրանք մեր ողնաշարը շտկել:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
www.haralez.net
Երեւան