ԱԼԻԵՒ ՊԵՐԼԻՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ

Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ կը պատ­րաս­տուի այ­ցե­լել Պեր­լին։ Յա­ջորդ շաբ­թուան սկիզ­բին՝ Յու­նի­սի 7-ին պի­տի ի­րա­կա­նա­նայ իր այս ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը։ Իլ­համ Ա­լիեւ Պեր­լի­նի մէջ պի­տի տե­սակ­ցի Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէ­լի եւ այդ երկ­րի ղե­կա­վա­րու­թե­նէն յա­ռա­ջա­տար դէմ­քե­րու հետ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը յստակ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ չեն հա­ղոր­դած Ա­լիե­ւի ու­ղե­ւո­րու­թեան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու օ­րա­կար­գին շուրջ։

Հարկ է նշել, որ Իլ­համ Ա­լիեւ վեր­ջին ան­գամ ան­ցեալ Փետ­րուա­րին այ­ցե­լած էր Գեր­մա­նիա, ուր մաս­նակ­ցած էր Միւ­նի­խի անվ­տան­գու­թեան հա­մա­ժո­ղո­վին։ 

Հինգշաբթի, Յունիս 2, 2016