ԴՐՈՇՄԱԹՈՒՂԹԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Ե­րե­ւա­նի մէջ այս օ­րե­րուն տե­ղի կ՚ու­նե­նայ դրոշ­մա­թուղ­թե­րու հե­տաքրք­րա­կան ցու­ցա­հան­դէս մը։ Հան­րա­պե­տու­թեան տօ­նին շար­ժա­ռի­թով կազ­մա­կեր­պուած է այս ձեռ­նար­կը, ո­րու շրջագ­ծով ներ­կա­յա­ցուած բա­ցա­ռիկ նա­մա­կա­նի­շե­րը կ՚ար­ժա­նա­նան հե­տաքր­քիր­նե­րու ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան։ Հա­յաս­տա­նի Ա­ռա­ջին Հան­րա­պե­տու­թեան հռչակ­ման 98-րդ տա­րե­դար­ձին ձօ­նուած ցու­ցա­հան­դէ­սը բա­ցուած է Ա­մե­րի­կա­յի Հայ­կա­կան հա­մա­գու­մա­րի Ե­րե­ւա­նի նո­րա­հաս­տատ գրա­սե­նեա­կի մուտ­քաս­րա­հին մէջ։ Մին­չեւ այս շա­բա­թա­վեր­ջը՝ Յու­նի­սի 4-ը պի­տի շա­րու­նա­կուի ցու­ցա­հան­դէ­սը։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Հա­յաս­տա­նի թղթա­տա­րու­թեան ազ­գա­յին ըն­կե­րու­թիւ­նը՝ «Հայ­փոստ»ն ալ այս առ­թիւ թո­ղար­կած է յա­տուկ դրոշ­մա­թուղ­թեր ու բա­ցիկ­ներ, ո­րոնք հան­դի­սա­ւոր ձե­ւով պաշ­տօ­նա­պէս կնքուե­ցան ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման զու­գա­հեռ։ Ներ­կայ էին «Հայ­փոստ»ի ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Հայկ Ա­ւա­գեան, Հա­յաս­տա­նի Փո­խադ­րու­թեան ու կա­պի փոխ-նա­խա­րար Գա­գիկ Թա­դէո­սեան, Հա­յաս­տա­նի Ֆի­լա­թե­լիսթ­նե­րու միու­թեան նա­խա­գահ Յո­վիկ Մու­սաէ­լեան եւ «Եու­նի­քոմպ» ըն­կե­րու­թեան նա­խա­գահ Ար­մէն Պալ­տը­րեան։ Վկա­յա­կան­նե­րով ու մե­տայլ­նե­րով պար­գե­ւատ­րուե­ցան մաս­նա­կից­ներն ու հո­վա­նա­ւոր­նե­րը։

Ցու­ցա­հան­դէ­սին շրջագ­ծով ներ­կա­յա­ցուած են դրոշ­մա­թուղ­թե­րու ե­զա­կի հա­ւա­քա­ծո­ներ։ 

Հինգշաբթի, Յունիս 2, 2016