ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ Է. ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԽԱՂԵՐԸ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՆ ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ

Հա­մա­հայ­կա­կան խա­ղե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին կո­մի­տէի գոր­ծա­դիր մար­մի­նը ե­րէկ գու­մա­րեց ժո­ղով մը։ Հա­մաշ­խար­հա­յին կո­մի­տէի նա­խա­գահ Իշ­խան Զա­քա­րեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ նիս­տը, ո­րու ըն­թաց­քին ո­րո­շուե­ցաւ Հա­մա­հայ­կա­կան եօթ­նե­րորդ ա­մառ­նա­յին խա­ղե­րը կազ­մա­կեր­պել Ար­ցա­խի մէջ։ Ժո­ղո­վա­կան­նե­րը Իշ­խան Զա­քա­րեա­նի ա­ռա­ջար­կը ըն­դու­նե­ցին միա­ձայ­նու­թեամբ։ Իշ­խան Զա­քա­րեան մատ­նան­շեց, որ սա պատ­մա­կան ո­րո­շում մըն է ու կ՚ար­տա­ցո­լաց­նէ Հա­յաս­տան-Ար­ցախ-Սփիւռք ե­ռա­միաս­նու­թիւ­նը։

Գոր­ծա­դիր մարմ­նի ան­դամ­նե­րը ա­ւե­լի վերջ քննար­կե­ցին Ար­ցա­խի մէջ տե­ղի ու­նե­նա­լիք խա­ղե­րուն կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն շուրջ խնդիր­ներ եւ ա­նոնց լուծ­ման տար­բե­րակ­նե­րը։

Ժո­ղո­վէն վերջ գոր­ծա­դիր մար­մի­նը հան­դէս ե­կաւ նաեւ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը՝ ի պաշտ­պա­նու­թիւն եւ ի զօ­րակ­ցու­թիւն Ար­ցա­խի։

Հինգշաբթի, Յունիս 2, 2016