ՅՈՅՍԵՐՈՒ ԼՈՒՐՋ ԽԱՐԽԼՈՒՄ
Ամերիկեան The Washington Post հեղինակաւոր թերթը վերջին օրերուն յօդուած մը հրատարակեց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ Այս առթիւ մատնանշուեցաւ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան պարագային երկու տասնեակ շարունակուած բանակցութիւնները նշանակելի արդիւնք մը չունեցան, իսկ վերջին քառօրեայ պատերազմը խարխլեց համապարփակ լուծում գտնելու յոյսը։ Այդ պատերազմը օրինականացուց ուժի կիրառումը։ Ատրպէյճանի կողմին մօտ պատերազմը վստահութիւն տուաւ անոնց, որոնք կը պնդեն Լեռնային Ղարաբաղը ուժով վերադարձնելու օրինականացման ուղղութեամբ։ Հայկական կողմին մօտ ալ պատերազմը ամրապնդեց վստահութիւնը այն հարցին շուրջ, թէ պէտք չէ զօրքերը դուրս բերել Լեռնային Ղարաբաղի յարակից շրջաններէն, նաեւ խուսափիլ որեւէ որոշումէ, որ չ՚երաշխաւորեր լիարժէք անկախութիւնը։ Կողմերէն իւրաքանչիւրը մտավախութիւն ունի, թէ միւսը խաղաղութեան համաձայնագիրը պիտի օգտագործէ սեփական նպատակներով։
Բոլորովին պարզ չէ, թէ ինչ բան տեղի տուաւ Ապրիլի բախումներուն, հակառակ, որ ամենահաւանական պատճառը այն է, թէ Ատրպէյճան որոշեց փորձարկել Հայաստանի պաշտպանութիւնը եւ հայկական կողմը ստիպել զիջումներու երթալ բանակցութիւններու ընթացքին։ Ատրպէյճանին տեսակէտէ բացարձակապէս ձեռնտու չէ առկայ կարգավիճակը եւ տարածքներու զգալի մասին գործնականօրէն կորուստը եւ որեւէ ձեւով ձեռնտու չէ նաեւ խաղաղութեան գործընթացը, որ առանց շօշափելի արդիւնքներու կը ձգձգուի տարիներ շարունակ։ Եթէ նոյնիսկ լարուածութեան այս սրումը բանակցութիւններուն մէջ փակուղին ռիսքային դարձուց Հայաստանի համար, սա տակաւին բաւարար չէ բանակցութիւններուն համար։ Այդ ճանապարհին վրայ կայ երկու խոչընդոտ։
Ըստ ամերիկեան թերթին, առաջին խոչընդոտը այն է, որ լուծումները դիւրին պիտի չըլլան, ներառեալ տեղւոյն հասարակութիւններուն համար։ Երկրորդ խոչընդոտը կողմերու մօտ համատեղ գոյակցութեան ցանկութեան բացակայութիւնն է։ Այն սկզբունքները, որոնք 2005 թուականէն ի վեր բանակցութիւններու հիմքը կը կազմեն, կը յետաձգեն Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական վիճակը որոշելու հարցը։ Միեւնոյն ժամանակ հայկական զօրքերը պէտք է դուրս գան Լեռնային Ղարաբաղի յարակից տարածքներէն, փախստականներն ու տեղահանեալները պէտք է վերադառնան, իսկ Լեռնային Ղարաբաղ պէտք է ստանայ միջազգայնօրէն ճանչցուած միջանկեալ կարգավիճակ մը։ Իսկ վերջնական կարգավիճակը պիտի վճռուի ժողովուրդի կամքի արտայայտութեամբ։
Հայկական կողմը սա կը համարէ անկախութեան շուրջ հանրաքուէն։ Երբ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով նշեց, որ համաձայնագրի բոլոր բաղադրիչները բանակցութիւններու սեղանին վրայ էին, նկատի ունէր այս իսկ պարագան։ Բայց երկու կողմերն ալ համաձայն չեն այդպիսի մեկնաբանութեան հետ, մասնաւորապէս՝ կամքի արտայայտութեան եւ անոր կազմակերպման ժամանակին մասով։
Երբ միջազգային մամուլը նման բացայայտ ձեւով կը բնութագրէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի մատնուած փակուղին, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ դեսպան Ճէյմս Ուորլիք հերթական անգամ յոյս յայտնեց, թէ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ կը տեսակցին ներկայ ամսուան ընթացքին։ Մինսքեան խմբակի եռանախագահները այսօր Փարիզի մէջ կը մէկտեղուին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հետ։