ԼԱՍ ՎԵԿԱՍԻ ՄԷՋ ՃԱՆ ՏՈԼՄԱՅԵԱՆԻ ԳՐԱԽԱՆՈՒԹԸ

«Սիսթըմ օֆ է տաուն» խումբի թմբկահար Ճան Տոլմայեան նախաձեռնած է գծապատկերի գիրքերու նուիրուած իր երկրորդ խանութի «Թորփիտօ քոմիքս»ի բացումին, Լաս Վեկասի մէջ, Միացեալ Նահանգներ:

Տոլմայեան իր պատանութեան տարիներուն շատ սիրած է այս գիրքերը, եւ ան այս գիրքերու առեւտուրով սկսած է զբաղիլ 1990-ականներու սկիզբը եւ «Սիսթըմ օֆ է տաուն» խումբին հետ արձանագրած իր յաջողութիւններէն ետք, տասնամեակ մը առաջ վերադարձած է այս ասպարէզին, նախ համացանցի միջոցով առեւտուր կատարելով, ապա՝ առաջին խանութը բանալով Լաս Վեկասի մէջ:

Տոլմայեան այժմ դժուար գտնուող հատորներու կամ գծագրութիւններու վստահելի աղբիւր մը դարձած է ու կը ջանայ իր նոր խանութը վերածել այդ մարզին մէջ լաւագոյններէն մէկուն:

Ուրբաթ, Յունիս 2, 2017