ՄԱՐՏԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Մարտակերտի մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնի սաները, կեդրոնի բակին մէջ, ցուցադրած են իրենց պատրաստած աշխատանքները:

Մարտակերտի մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնի տնօրէն Ռիմա Իզմայիլեան, զրոյցի մը ընթացքին ըսած է, որ կեդրոնը ունի 35 խմբակ, ուր կ՚ուսանի 414 սան: «Ներկայացուցած ենք ուլունքագործութիւն, հմուտ ձեռքեր, կար ու ձեւ, կաւագործութիւն եւ ձեւաւորման խմբակներու սաներուն պատրաստած աշխատանքները: Կեդրոնի սաները պարբերաբար կը մասնակցին տարբեր ձեռնարկներու եւ կը գրաւեն մրցանակային տեղեր», նշած է Ռիմա Իզմայիլեան:

Ուրբաթ, Յունիս 2, 2017