ԲԱՆԱԼԻ ԵՐԿԻՐ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հիւրընկալեց Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլին, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Թուրքիա։ Այս առթիւ Անգարա-Թիֆլիզ առանցքին վրայ վերահաստատուեցաւ սերտ համագործակցութիւնը խորացնելու ուղղեալ քաղաքական կամքը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս Էրտողան պաշտօնական արարողութիւնով դիմաւորեց հիւր վարչապետը։ Առանձնազրոյցէ վերջ անոնք գլխաւորեցին ընդլայնուած կազմով պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Էրտողանի եւ Ղարիպաշվիլիի համատեղ մամլոյ ասուլիսէն վերջ սարքուեցաւ նաեւ պաշտօնական ընթրիք մը։

Նախագահ Էրտողան երէկ շեշտեց, որ Թուրքիա տարածքաշրջանային համագործակցութեան տեսակէտէ բանալի երկիր կը նկատէ Վրաստանը։ Արդարեւ, թրքական կողմը տարածքաշրջանային համընդգրկուն համագործակցութեան առումով մեծ կարեւորութիւն կ՚ընծայէ վրացական կողմին։ Նախագահը ընդգծեց, որ տասնչորս տարիէ ի վեր Թուրքիա կը հանդիսանայ Վրաստանի մեծագոյն արտասահմանեան առեւտուրի գործընկերը։ Բաց աստի, Անգարա համամիտ է, որ Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ հակամարտութիւնները կարգաւորուին խաղաղ ճանապարհով եւ Վրաստանի տարածքային ամբողջականութեան հիման վրայ։ Թուրքիա ամէն առիթով կ՚ընդգծէ իր զօրակցութիւնը Վրաստանի ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան համար։

Իր կարգին, Իրակլի Ղարիպաշվիլին ալ շեշտեց, որ Թուրքիա Վրաստանի ռազմավարական գործընկերն է։ Ղարիպաշվիլի թրքական կողմին շնորհակալութիւն յայտնեց իր երկրի գերիշխանութեան նկատմամբ ցուցաբերուած խրախուսանքին համար։ Իր խօսքով՝ Վրաստան, Թուրքիա եւ Ատրպէյճան ունին ամուր կապեր եւ ճակատագրակից կը համարուին։ Ղարիպաշվիլի դիտել տուաւ, որ հիմքեր գոյութիւն ունին՝ համատեղ ջանքերով երկկողմանի եւ բազմակողմանի, եռակողմանի ձեւաչափերու մէջ նոր ձեռքբերումներ ապահովելու համար։

Ղարիպաշվիլի դիտել տուաւ, որ Էրտողանի հետ հանդիպման ժամանակ կարծիքի փոխանակումներ ունեցած են նաեւ տարածքաշրջանային իրադարձութիւններու շուրջ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 2, 2021