ԷԼԻԶԷԷՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Դէպի Փարիզ աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս, երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Էլիզէի պալատին մէջ հիւրընկալուեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի կողմէ։ Երէկ օրուան տեւողութեան Ֆրանսայի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուելէ վերջ, Փաշինեան ուղեւորուեցաւ Պրիւքսել, ուր այսօր նախատեսուած են իր հանդիպումները Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի եւ Պելժիոյ վարչապետ Ալեքսանտր տը Քրոյի հետ։

Էլիզէի պալատին մէջ երէկ Փաշինեան եւ Մաքրոն հանդէս եկան նաեւ յայտարարութիւններով։ Ֆրանսայի նախագահը այս փուլին կրկնեց, որ Ատրպէյճանի ուժերը պէտք է դուրս գան Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն։ Ֆրանսացի ղեկավարը ընդգծեց, որ ներկայ դժուար իրավիճակին մէջ Փարիզ Երեւանի կողքին է։

Աւելի ուշ, Փարիզի հայկական դեսպանատան մէջ մասնակցած հաւաքոյթի մը ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան մանրամասնութիւններ տուաւ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ ունեցած հանդիպման եւ նախօրէին Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցին շուրջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, վարչապետը նշեց, որ Ֆրանսա մտադիր է նախաձեռնող աշխոյժ քաղաքականութիւն մը վարել տարածքաշրջանէ ներս կայունութեան ապահովման համար։ «Նախագահ Մաքրոն հետաքրքրուած է եւ մտադիր, որպէսզի միջազգային կառոյցները՝ ներառեալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը, աւելի շատ ներգրաւուած ըլլան մեր տարածքաշրջանէն ներս կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման համար», ըսաւ Փաշինեան։ Ան յիշեցուց քանի մը օր առաջ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի ժողովին ժամանակ օրակարգի վրայ բերած առաջարկը, ըստ որու Ատրպէյճանի զօրքերը երկրի սահմաններէն դուրս բերելու նպատակով միջազգային զօրքեր պէտք է տեղադրուին սահմանագծին վրայ։ Փաշինեան նշեց, որ Մաքրոնի հետ զրոյցի հիման վրայ արձանագրած է, թէ Ֆրանսայի համար ընդունելի է այդ մօտեցումը։ Էլիզէի երէկուան զրոյցին ժամանակ քննարկուած է, թէ ինչ քայլերու պէտք է ձեռնարկել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս վերականգնելու համար։

Փարիզի հաւաքոյթին ժամանակ Փաշինեան ընդգծեց, որ անվտանգութեան ոլորտէ ներս Հայաստանի թիւ մէկ գործընկերն է Ռուսաստան, ռազմավարական դաշնակիցն է։ Օր մը առաջ Փութինի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցին անդրադառնալով՝ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ. «Ըստ էութեան, իրադրութեան լուծման վերաբերեալ ունինք նոյնական մօտեցում մը, թէ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը պէտք է ետ քաշուին Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանէն»։ Ան մատնանշեց, որ Հայաստանի սահմանը կը համարուի Խորհրդային Հայաստանի վարչական սահմանը։ «Հայաստանի դիրքորոշումը յստակ է՝ Ատրպէյճան պէտք է ետ քաշուի։ Հայաստան կ՚ակնկալէ, որ Ռուսաստան այս դիրքորոշումը յստակ ձեւակերպէ», ըսաւ Փաշինեան։

Չորեքշաբթի, Յունիս 2, 2021