ԷՐՏՈՂԱՆԻ ԵՒ ՊԱՅՏԸՆԻ ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ԸՆԴԱՌԱՋ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան կը պատրաստուի 14 յունիսին տեսակցիլ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ։ Գագաթնային այս հանդիպման ընդառաջ, ներկայիս Անգարա զանազան մակարդակներու վրայ պատգամներ կը հասցէագրէ Ուաշինկթընին։ Նախագահներու ժամադրութեան ընդառաջ թրքական կողմը կը պատրաստուի նաեւ հիւրընկալել ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտ մը՝ ՄԱԿ-ի մօտ ԱՄՆ-ի մշտական ներկայացուցիչը։

Էրտողան երէկ երեկոյեան ուղիղ եթերով կարեւոր հարցազրոյց մը տուաւ TRT-ին։ Այս առթիւ ան անդրադարձաւ Պայտընի հետ ունենալիք տեսակցութեան։ Նախագահը նշեց, որ այս հանդիպման երթեւեկը դժբախտաբար այդքան ալ հանգիստ չէ եղած։ Ներկայիս նախապատրաստական աշխատանքներ յառաջ կը տարուին տեսակցութեան համար։ «Բնականաբար իրեն պիտի հարցնենք, թէ Թուրքիա-ԱՄՆ յարաբերութիւնները ինչո՞ւ այսպէս լարուած փուլի մը մէջ կը գտնուին», ըսաւ Էրտողան եւ յիշեցուց, որ Պայտընին նախորդած դեմոկրատական կամ հանրապետական նախագահներու շրջանին նման լարուածութիւն մը չէր եղած։

Էրտողանի խօսքով՝ այժմու լարուածութեան պատճառն է իբր թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը։ «Այլեւս ձանձրացանք, ամէն 24 ապրիլին Ամերիկա ի՞նչ պիտի ըսէ հայոց վերաբերեալ։ Հասկցանք, բայց, քու բոլոր գործերդ վերջացան եւ հայոց փաստաբա՞նը դառնալ կ՚ուզես։ Թողենք այս գործը պատմաբաններուն։ Սա քաղաքական գործիչներու գործը չէ, թող աշխատին պատմաբանները, իրաւաբանները, մարդաբանները։ Անոնց աշխատանքէն վերջ, որպէս քաղաքական գործիչներ՝ մենք ընենք մեզի վիճակածը, ըստ մեր առջեւ մատուցուելիք պատկերին։ Բայց այս պահուն, երբ մէջտեղը բան մը չկայ, վեր կը կանգնիք եւ այս բանը օրակարգի վրայ կը բերէք», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, որ այդ արտայայտութեան օգտագործումը ծնունդ կ՚առնէ իբր թէ ցեղասպանութենէ շատ աւելի տարբեր պատճառներէ։ Թուրքիա այլեւս վարժուած է այս բոլորին։ Անոնք, որոնք կ՚ուզեն նեղ կացութեան մատնել Թուրքիան, կարեւոր բարեկամ մը կը կորսնցնեն։ Նախագահը յիշեցուց, որ Պայտընի հետ միասին պիտի ըլլան ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին ժամանակ։ «ՆԱԹՕ-ի առաջին հինգ պետութիւններէն, հզօր պետութիւններէն մին ենք։ Առերեւոյթ հզօր Եւրոպայի պետութիւններէն որեւէ մէկը Թուրքիոյ նման չէ կրցած ՆԱԹՕ-է ներս իրենց պարտականութիւնները կատարել։ Պէտք է գիտնան, որ այլեւս նոր Թուրքիա մը կայ։ Իր տարածքաշրջանէն ներս նախաձեռնող, կլոպալ խնդիրներու մէջ կողմ եղող, դաշնակիցներու հետ հաւասար յարաբերութիւն պահանջող Թուրքիա մը կայ եւ մեր դաշնակիցները պիտի վարժուին այս բանին», ըսաւ ան։

Հարցազրոյցին ժամանակ ան ընդգծեց, որ ԱՄՆ սեփական արխիւներուն մէջ ալ ունի տեղեկութիւններ, ըստ որոնց հայկական հարցի վերաբերեալ պնդումները ճիշդ չեն։ Այս նիւթին շուրջ ամերիկացի բազմաթիւ մտաւորականներ կը քննադատեն ԱՄՆ-ն ու ամերիկացիները, ինչ որ ի յայտ կը բերէ Թուրքիոյ արդարութիւնը։ Էրտողան բացատրեց, որ թէեւ այս բոլորը ըսուած են, սակայն ԱՄՆ անտեսած է զանոնք։ Յայտարարութիւններու տեւողութեան Էրտողան քննադատեց նաեւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնը։

Հայկական հարցի կապակցութեամբ ԱՄՆ-ի դիրքորոշման շուրջ խօսելու ժամանակ Էրտողան ակնարկեց նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրին։ Ան յիշեցուց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ ԱՄՆ, Ռուսաստան եւ Ֆրանսա տարիներով չէին կարողացած լուծել հիմնախնդիրը։ «Տարիներ անցան եւ ի վերջոյ Ատրպէյճան կտրեց սեփական պորտը։ Հիմա այստեղ ալ դուն ինչպէ՞ս անկապակից ձեւով Թուրքիան այսպիսի նիւթի մը մէջ կ՚առնես։ Եթէ ըսելու բան մը ունիս, եթէ բան մը ընել կ՚ուզես, ապա որպէս ՆԱԹՕ-ի դաշնակից, որպէս ՆԱԹՕ-ի գործընկեր՝ եկուր այս գործը, աշխատանքը ընենք, անկէ վերջ խօսինք։ Սակայն այսպիսի բան մը չկայ։ Ես ըրի, եղաւ։ Որպէս իբր թէ ցեղասպանութիւն՝ մեր առջեւ կատարուած իրողութիւն պիտի ստեղծես, անկէ վերջ ալ քու դատողութիւնով որոշում պիտի տաս։ Անոնք, որոնք քեզմէ առաջ Ամերիկան ղեկավարեցին, այս գործը քեզի չափ չէի՞ն գիտեր։ Անոնցմէ ոեւէ մէկը այդ արտայայտութիւնը չօգտագործեց։ Մէկ մասը «Մեծ եղեռն» ըսաւ, մէկ մասը շատ աւելի տարբեր բաներ ըսաւ, սակայն այդ բառը չօգտագործեց։ Հանրապետականն ալ, դեմոկրատն ալ չօգտագործեց։ Մենք կը ցաւինք այս բանին համար», ըսաւ Էրտողան։

Յայտարարութիւններու ամբողջին մէջ Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց, որ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու օրակարգին վրայ քանի մը նիւթ կ՚առանձնանայ։ Իբր թէ Հայոց ցեղասպանութեան առընթեր, ՖԵԹԷՕ-ի դէմ պայքարը եւ ԵՓԿ-ի դէմ պայքարը մաս կը կազմեն այդ շարքին։

Չորեքշաբթի, Յունիս 2, 2021