ԼԵՏԱ ՊՈՅԱՃԸԻ ՆՈՐ ՎԷՊԸ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ այս օրերուն արդէն գրասէրներու տրամադրութեան տակ է համակրելի գրող Լետա Պոյաճըի նոր գիրքը։ «Beni Bırakma» անունով վէպ մըն է այս մէկը, որ լոյս տեսած է «Ateş» հրատարակչութենէն։

Լետա Պոյաճը նախապէս գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած էր «İki Şekerli» անուն գիրքը, որուն ներկայիս կը յաջորդէ այս նոր վէպը։ Լետա Պոյաճը ունի շատ դիւրամատչելի ոճ մը եւ կը յաջողի ընթերցասէրները լիարժէք հաղորդ դարձնել իր ներաշխարհին։ Անոր գրականութեան մէջ մատուցուած ապրումները, զգացումներու խտութիւնը եւ մարդու բնորոշ ամէն տեսակ տրամադրութիւն թէեւ կ՚արտայայտուին շատ պարզ ձեւով, սակայն կու տան խորաթափանց պատկեր մը։

Այս նոր վէպին մէջ ալ հեղինակը արտայայտութեան եւ բանաձեւումի կարողութիւնները լաւագոյնս դրսեւորած է։ Իր սերունդի ուրոյն ներկայացուցիչներէն մին է Լետա Պոյաճը, որ վերջին տարիներուն արտադրական կարգապահութեան մէջ մտած ըլլալով կը ստեղծագործէ։ Ան առօրեան եւ մարդկայինը այնպիսի ներառական ձեւով մը կը դիտարկէ, որ թէեւ պատմածը չի ծանրաբեռնուիր, սակայն որեւէ մանրամասնութիւն ալ դուրս չի մնար։

Վստահաբար, Լետա Պոյաճըի նոր վէպը գրասէրներու անմիջական ուշադրութեան առարկայ դառնայ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 2, 2021