ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ

Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարար Վան Ի յայտարարեց, որ միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգութիւնը չի կրնար ու պէտք չէ ապահովուի ռազմական դաշինքներու ուժեղացմամբ։

«Ռուսաստան եւ Չինաստան. համագործակցութիւնը նոր դարաշրջանին» միջազգային խորհրդաժողովի մասնակիցներուն յղած տեսաուղերձին մէջ ան նշած է, որ համաշխարհային անվտանգութիւնը անբաժանելի է։

«Որեւէ երկիր չի կրնար ու պէտք չէ ձգտի սեփական անվտանգութեան այլ երկրի մը անվտանգութեան հաշուոյն։ Միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգութիւնը չի կրնար ու պէտք չէ ապահովուի ռազմական դաշինքներու ամրապնդման, երկաթէ վարագոյրի ստեղծման միջոցաւ», նշած է չինացի նախարարը։

Միւս կողմէ, Մոսկուայէն ալ երէկ հաղորդուեցաւ, որ Ռուսաստանի եւ Չինաստանի միջեւ սեպ խրելու ուղղեալ Արեւմուտքի ջանքերը ի դերեւ պիտի մնան։

Հինգշաբթի, Յունիս 2, 2022