ՌԱՖԻԿ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ ԱԽՈՅԵԱՆ

Ալպանիոյ մայրաքաղաքը Թիրանայի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Եւրոպայի ծանրամարտի առաջնութիւնը, որուն կը մասնակցի նաեւ Հայաստանի հաւաքականը։

Երէկ, Հայաստանի հաւաքականէն Ռաֆիկ Յարութիւնեան նուաճեց Եւրոպայի ախոյեանի կոչումը։ Ան մրցապայքարի դուրս եկած էր 81 քիլօկրամներու դասաւորման մէջ։

Հայաստանի հաւաքականէն Կարէն Մարգարեանն ալ երէկ մտաւ մրցապայքարի եւ նոյն դասաւորման մէջ զբաղեցուց չորրորդ հորիզոնականը։  

Հինգշաբթի, Յունիս 2, 2022