ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ԱՍՈՒԼԻՍ

Սի­սի եր­բեմ­նի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քի վե­րա­դարձ­ման պա­հան­ջով Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան կող­մէ Թուր­քիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նին մօտ բա­ցուած դա­տը միշտ օ­րա­կար­գի վրայ կը մնայ Ան­թի­լիա­սի ջան­քե­րով։ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը այս ա­ռա­ւօտ տա­րա­ծե­ցին Պէյ­րու­թի «Ազ­դակ» օ­րա­թեր­թի մէջ լոյս տե­սած լրա­տուու­թիւն մը, ըստ ո­րու, ե­րէկ Ան­թի­լիա­սի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է մամ­լոյ ա­սու­լիս մը՝ Սի­սի եր­բեմ­նի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նին վե­րա­բե­րեալ դա­տա­կան դի­մու­մի զար­գա­ցում­նե­րուն շուրջ։ Ե­րէկ ա­ռա­ւօտ տե­ղի ու­նե­ցած է այս մամ­լոյ ա­սու­լի­սը Ան­թի­լիա­սի վան­քի «Կի­լի­կիա» թան­գա­րա­նի սրա­հին մէջ։ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան տե­ղե­կա­տուու­թեան գրա­սե­նեա­կին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած ա­սու­լի­սին հե­տե­ւած են հայ­կա­կան եւ լի­բա­նա­նեան լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի տե­ղե­կա­տուու­թեան բա­ժան­մուն­քի պա­տաս­խա­նա­տու Տ. Յու­սիկ Ծ. Վրդ. Մար­տի­րո­սեա­նի բաց­ման խօս­քով սկսած ա­սու­լի­սին ա­տե­նա­խօս­ներն էին՝ կա­լուա­ծա­յին հար­ցե­րու փաս­տա­բան Փրոֆ. Ճէմ Սո­ֆուօղ­լու, պատ­մա­բան Փրոֆ. Թա­նէր Աք­չամ եւ Լի­բա­նա­նի հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս­նե­րէն Տքթ. Նո­րա Պայ­րաք­տա­րեան։ Այս մամ­լոյ ա­սու­լի­սին պի­տի մաս­նակ­ցէր նաեւ ի­րա­ւա­բան Տքթ. Փա­յամ Ա­խա­ւան, որ սա­կայն իր թռիչ­քի յա­պաղ­ման հե­տե­ւան­քով չկրցաւ հաս­նիլ հա­ւա­քոյ­թին։

Նոյն աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ա­րա­բե­րէ­նով ար­տա­սա­նած իր խօս­քին մէջ Յու­սիկ Ծ. Վրդ. Մար­տի­րո­սեան պատ­մա­կան յե­տա­դարձ ակ­նար­կով անդ­րա­դար­ձաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի կրած տա­ռա­պան­քին Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան մէջ, յատ­կա­պէս 1894-1923 եր­կա­րող ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին: Ան ե­րախ­տա­գի­տա­կան խօս­քե­րով շեշ­տեց հիւ­րըն­կալ Լի­բա­նա­նի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, որ դար­ձաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի վե­րած­նուն­դի ու զար­թօն­քի հայ­րե­նի­քը՝ նշե­լով Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան ա­ռանց­քա­յին դե­րը: Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը դա­տա­կան հայց ներ­կա­յա­ցուց Թուր­քիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան ատեա­նին մօտ, յայտ­նեց Հայր Սուր­բը եւ ա­ւել­ցուց. «Այ­սօր դա­տա­կան հայ­ցի ներ­կա­յա­ցու­մէն եր­կու ա­միս­ներ ետք, մեր տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը կը հաս­տա­տեն, որ Թուր­քիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան ատեանը սկսած է սեր­տել դա­տա­կան այս հայ­ցի թղթած­րա­րը»:

Ա­պա Տքթ. Նո­րա Պայ­րաքտա­րեան ա­րա­բե­րէ­նով թուեց Սի­սի երբեմնի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նին գծով դա­տա­կան հայ­ցի յա­րուց­ման զու­գա­հեռ ու զայն կան­խած առըն­չա­կից քայ­լե­րը (ինչ­պէս՝ «Ճա­նա­չու­մէն հա­տու­ցու­մ» մի­ջազ­գա­յին գի­տա­ժո­ղո­վի կազ­մա­կեր­պու­մը Փետ­րուար 2012-ին, ա­պա թուրք ի­րա­ւա­գէտ­նե­րէ եւ մի­ջազ­գա­յին մաս­նա­գէտ-փոր­ձա­գէտ­նե­րէ բաղ­կա­ցած յանձ­նա­խում­բի կազ­մու­թիւ­նը…): Պայ­րաք­տա­րեան շեշ­տեց Սի­սի երբեմնի կա­թո­ղի­կո­սու­թեան խորհր­դան­շա­կան մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար:  Ան յի­շե­ցուց, թէ անց­նող 27 Ապ­րիլ 2015-ին ներ­կա­յա­ցուած դա­տա­կան այս հայ­ցին գծով  Թուր­քիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան ատեանը պէտք է ա­ռա­ւե­լա­գոյ­նը ինն­սուն օ­րուան ըն­թաց­քին ձեռ­նար­կէ այս հայ­ցի քննարկ­ման: Այ­լա­պէս՝ հար­ցը պի­տի ներ­կա­յա­ցուի Եւրոպայի Մարդու իրաւանց ատեանին։

Ա­պա Փրոֆ. Ճէմ Սո­ֆուօղ­լու անգ­լե­րէ­նով պար­զեց Սի­սի երբեմնի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի դա­տին ներ­կա­յաց­ման առըն­չա­կից պայ­ման­նե­րը, դժուա­րու­թիւն­ներն ու կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը: Ան ընդգ­ծեց, թէ դա­տա­կան այս հայ­ցի յա­րու­ցու­մը ան­նա­խըն­թաց քայլ մըն է թրքա­կան կա­լուա­ծա­յին ու դա­տա­կան պատ­մու­թեան մէջ: Փրոֆ. Սո­ֆուօղ­լու շեշ­տեց, որ հար­ցը ներ­կա­յա­ցուած է զուտ մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց դի­տան­կիւ­նէն՝ հե­ռու քա­ղա­քա­կան թէ այլ նկա­տա­ռում­նե­րէ: Ան նշեց, թէ 1983-ին եւ 2001-ին հրա­պա­րա­կուած հրա­մա­նա­գր­ե­րով, թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կ՚ար­գի­լէ կա­լուա­ծա­յին ո­րե­ւէ տե­ղե­կու­թիւն կամ փաս­տա­թուղթ ար­ձա­նագ­րել, ինչ­պէս նաեւ ար­գի­լուած է առըն­չա­կից ար­խիւ­նե­րու ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը: Ըստ ա­նոր, 1963-ի օ­րէն­քի տրա­մադ­րու­թեանց հա­մա­ձայն ար­գի­լուած է կա­լուա­ծա­յին ո­րե­ւէ սե­փա­կա­նու­թիւն վե­րա­դարձ­նել իր սե­փա­կա­նա­տի­րոջ (յատ­կա­պէս հա­յե­րու պա­րա­գա­յին): Փրոֆ. Սո­ֆուօղ­լու խիստ հա­ւա­նա­կան նկա­տեց, որ յա­ռա­ջի­կայ Սեպ­տեմ­բե­րէն Նո­յեմ­բե­րի մի­ջեւ թրքա­կան դա­տա­րա­նը հրա­պա­րա­կէ իր ո­րո­շու­մը: Փրոֆ. Սո­ֆուօղ­լու նշեց, որ դա­տին հե­տապնդ­ման հիմ­նա­կան նպա­տա­կը Սի­սի երբեմնի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի կա­լուա­ծին վե­րա­դարձն է եւ ոչ թէ ա­նոր փո­խա­րէն նիւ­թա­կան հա­տու­ցու­մը:

Իր կար­գին, Թա­նէր Աք­չամ խօսք ա­ռաւ եւ յայտ­նեց, թէ այս գծով ա­ւե­լի քան հա­զար փաս­տա­թուղ­թեր կան օս­մա­նեան ար­խիւ­նե­րուն մէջ: Ան կա­րե­ւո­րու­թեամբ նշեց, թէ օս­մա­նեան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թիւն կ՚ըն­ծա­յէին Սի­սի կա­թո­ղի­կո­սու­թեան վար­կին՝ զայն նկա­տե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գեմ­տա­ւոր կրօ­նա­կան կա­րե­ւոր կեդ­րոն մը, բո­լո­րո­վին ան­կախ Պոլ­սոյ թէ Էջ­միած­նի հո­գե­ւոր կեդ­րոն­նե­րէն: Ան օրինակ մէջ­բե­րեց Թա­լէա­թի եւ Ճե­մալ փա­շա­յի մի­ջեւ փո­խա­նա­կուած մէկ նա­մա­կը, ուր կը շեշ­տուի, թէ գրե­թէ ան­կա­րե­լի է հիմ­նո­վին ջնջել Սի­սի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նը՝ նկա­տի ու­նե­նա­լով ա­նոր ճա­կա­տագ­րա­կան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը հա­յու­թեան հա­մար:

Ա­պա զե­կու­ցա­բեր բա­նա­խօս­նե­րը պա­տաս­խա­նե­ցին ներ­կա­նե­րու հար­ցում­նե­րուն, ո­րոնք ա­ռա­ւե­լա­բար կեդ­րո­նա­ցան հայ ան­հատ­նե­րու սե­փա­կա­նու­թեանց վե­րա­տի­րաց­ման գծով հիմ­նա­կան նա­խա­քայ­լե­րու եւ կա­րե­լիու­թիւն­նե­րու վրայ: Այս գծով «Ազ­դա­կ»ի այն հար­ցու­մին, թէ ար­դեօք կա­րե­լի՞ է ժո­ղովր­դա­յին քա­րոզ­չա­կան ճի­գե­րով թրքա­կան հա­յա­մէտ հան­րա­յին կար­ծի­քը մղել (քա­րոզ­չա­կան) ճնշում բա­նեց­նե­լու թրքա­կան իշ­խա­նու­թեանց վրայ՝ նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Սի­սի (այժմ՝ Քո­զան կո­չուող) քա­ղա­քա­պե­տը կտրուկ կեր­պով մեր­ժած է ըն­դա­ռա­ջել այս հար­ցին՝ Փրոֆ. Սո­ֆուօղ­լու քա­րոզ­չա­կան ճի­գե­րը կա­րե­լի դրա­կան քայլ նկա­տեց՝ թե­լադ­րե­լով միա­ժա­մա­նակ կա­լուա­ծա­յին նմա­նօ­րի­նակ հայ­ցե­րու «տա­րա­փ» մը յղել թրքա­կան պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն:

Հինգշաբթի, Յուլիս 2, 2015