ԵՒ ԻՍՄԷԹ ԵԸԼՄԱԶ
Թուրքիոյ 25-րդ գումարման Ազգային մեծ ժողովի նախագահ ընտրուեցաւ Իսմէթ Եըլմազ, որու թեկնածութիւնը առաջադրուած էր ԱՔ կուսակցութեան կողմէ։ Յունիս 7-ին տեղի ունեցած ընտրութիւններու արդիւնքին ձեւաւորուած նոր խորհրդարանի երդիքին տակ վերջին օրերուն բուռն աշխատանք տարուեցաւ նոր նախագահ մը ընտրելու համար։ Մեծամասնութիւնը կորսնցուցած, սակայն ամենաշատ տեղը ապահոված ԱՔ կուսակցութիւնը թեկնածու առաջադրած էր Իսմէթ Եըլմազը։ ՃՀՓ թեկնածու առաջադրած էր Տենիզ Պայքալը, ՄՀՓ՝ Էքմելետտին Իհսանօղլուն, իսկ ՀՏՓ՝ Տենկիր Միր Մեհմէտ Ֆըրատը։ Նկատի ունենալով խորհրդարանի առկայ ուժային յարաբերակցութիւնը՝ քուէարկութեան առաջին երեք հանգրուաններուն հնարաւոր չեղաւ վերջնական արդիւնքի մը հասնիլ։ Քուէարկութեան չորրորդ հանգրուանին խորհրդարանի նախագահ ընտ-րըւեցաւ Իսմէթ Եըլմազ, որ ստացաւ 258 ձայն։ Տենիզ Պայքալ ՃՀՓ-ականներու եւ ՀՏՓ-ականներու զօրակցութիւնով հասաւ 182 քուէի։ Այս փուլին 78 քուէ համարուեցաւ անվաւեր եւ 29 քուէ ալ գործածուեցաւ ձեռնպահ։ Այս արդիւնքով՝ ՄՀՓ անուղղակի ձեւով աջակցած եղաւ ԱՔ կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած Իսմէթ Եըլմազին։ Այս վերջինը հանդէս եկաւ շնորհակալութեան խօսքով մը եւ երախտագիտութիւն յայտնեց իր պարագային ցուցաբերուած վստահութեան համար։ Ան իր առաջին ելոյթին մէջ նաեւ անդրադարձաւ նոր սահմանադրութեան պատրաստութեան հարցին։ «Մեր ազգը Ազգային մեծ ժողովէն կ՚ակնկալէ նախ եւ առաջ նոր սահմանադրութիւն մը։ Մեր երկրի այսօր հասած տնտեսական ու ժողովրդավարական մակարդակը կը պարտադրէ նոր սահմանադրութիւն մը», ըսաւ Իսմէթ Եըլմազ։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանն ալ խորհրդարանի նոր նախագահի ընտրութեան զուգահեռ հեռաձայնով կապ հաստատեց Իսմէթ Եըլմազին հետ, որուն յղեց շնորհաւորութիւններ եւ յաջողութեան մաղթանքներ։ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուն ալ Իսմէթ Եըլմազը շնորհաւորեց փութալով անոր խորհրդարանի պաշտօնական ընդունարանը։ Տավուտօղլու այս առթիւ նշեց, թէ քաղաքականութեան մէջ երէկուան արդիւնքներով վերջ գտած է պլոքի հասկացութիւնը։
Մինչ այդ, խորհրդարանի նոր նախագահի ընտրութեան արդիւնքը քաղաքական մեկնաբաններուն կողմէ ազդանշան մը կը համարուի համախոհական նոր կառավարութեան մը ձեւաւորման ճանապարհին։ Ընդդիմադիր կուսակցութիւններէն ՃՀՓ եւ ՀՏՓ երէկուան քուէարկութենէն վերջ բուռն հակազդեցութիւն ցոյց տուին ՄՀՓ-ի կողմէ որդեգրուած դիրքորոշման դէմ։ Իսկ ներկայիս խորհրդարանի ներկայ ուժերու յարաբերակցութիւնով նոր կառավարութեան մը ձեւաւորման որոնումներուն մէջ յարաբերաբար աւելի հաւանական դարձած է ԱՔ կուսակցութեան եւ ՄՀՓ-ի համագործակցութեան հեռանկարը։