ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ ԴԷՊԻ ՏԱՐՀԱ, ԻՍԿ ISIS ԿԸ ԿՌՈՒԻ ՔԻՒՐՏԵՐՈՒՆ ԴԷՄ
Սուրիոյ տագնապին սկիզբէն ի վեր Յորդանանի սահմանին մերձ եղող Տարհա քաղաքը (պատմականօրէն Սուրիոյ Հորան գաւառը) դարձաւ ընդդիմադիր բոլոր ճակատներուն բոյներէն մէկը: Տարհայի մէջ է, որ Սուրիոյ վարչակարգին դէմ եղած ամենէն բուռն բողոքի ցոյցերը սկիզբ առին: Հոն էր նաեւ, որ Սուրիոյ վարչակարգը կրակ բացաւ անզէն ընդդիմադիրներուն դէմ, այդպէսով նախապատրաստելով յաջորդ հանգրուանները եւ անզէն ցուցարարները վերածուեցան զինեալ խմբաւորումներու ու ապա «Ազատ բանակ»ի չափաւորական ջոկատները վերափոխուեցան տարբեր մօտեցումներով կռուող իսլամամէտ ու յաճախ ծայրայեղական ու ահաբեկչական խմբաւորումներու: Այսօր Տարհան ընդդիմութեան համար դարձեալ դարձած է թիրախ: Վերջին տեղեկութեանց համաձայն, ընդդիմադիր ճակատները Տարհան գրաւելու համար իրենց նախաձեռնած գրոհին սկսած են եօթ ճակատներէ: Անոնք ունին հիմնական մէկ նպատակ. հեռացնել վարչակարգի բանակային ուժերը այդ շրջանէն: Եթէ «Հարաւի փոթորիկ»ը յաջողի (ընդդիմութիւնը Տարհան գրաւելու իրենց գործողութիւնը այդպէս կոչած է), ապա էսատեան բանակը կը կորսնցնէ իր վերջին կայքը՝ Սուրիա-Յորդանան սահմանային հատուածին վրայ: Չափաւորական համարուած իսլամամէտ գրոհայինները նպատակ դրած են նաեւ փակել մայրաքաղաք Դամասկոսէն մինչեւ Տարհա հասնող օժանդակութիւններու միակ ճամբան: Այդպէսով անոնք նաեւ կտրած պիտի ըլլան Դամասկոսի գիւղական շրջաններուն դէմ առկայ էսատեան բանակի հրանօթային ճնշումի բոլոր միջոցները: Եթէ նախատեսուած գործողութիւնները յաջողութիւն արձանագրեն, ընդդիմութեան առաջնային գիծերը պիտի դառնան Ղութա եւ Ալ Սանամէյն անունը կրող շրջանները: Ատկէ ետք ընդդիմութիւնը իր աչքերը բնականաբար պիտի ուղղէ դէպի Ալ Սարու անունը կրող զօրակայան, որ շրջանին մէջ մեծագոյնը կը համարուի: Ընդդիմութեան համար շատ թանկ, կարեւոր եւ անյետաձգելի է մայրաքաղաք Դամասկոսի ուղղութեամբ որեւէ մագլցում կամ յառաջխաղացք: Մեր մտքերուն մէջ է նաեւ, որ էսատեան բանակը ինչ ծանր միջոցներու դիմեց «մաքառելու» համար Դամասկոսի շրջակայքը գտնուող գիւղական հատուածներէ ներս. օրինակ՝ արեւելեան եւ արեւմտեան Ղութաները եւ Ալ Քապուն աւանը: Այս բոլորէն զատ ընդդիմադիր ջոկատներ հակառակ անոր, որ իրենց անունները փոխեցին, բայց չզիջեցին Դամասկոսը իրենց համար ամենակարեւոր թիրախը համարելէ: Տարհա Ալ Մահաթա անունը կրող շրջանին մէջ եւս ծանր բախումներ կը գրանցուին: Կը հաղորդուի, որ ընդդիմադիր ջոկատներ յաջողած են իրենց ձեռքը անցընել Տարհա Ալ Մահաթա շրջանի «ԱՄՆ Սիասի»ի (վարչակարգի գաղտնի սպասարկութիւնը) գլխաւոր կեդրոնը: Այստեղ պէտք է ընդգծել, որ իսլամամէտ տարբեր ջոկատներ այսօր «վերընձիւղած» են Սուրիոյ չափաւորական «Ազատ բանակ»ի վերակազմեալ ուժերուն մէջ: Գաղտնիք չէ նաեւ, որ «Ազատ բանակ»ը կարեւոր օժանդակութիւններ կը ստանայ ո՛չ միայն Ռիատէն, այլ նաեւ ամերիկացիներէն:
Այլ գետնի վրայ ISIS (Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն) ահաբեկչական խմբաւորումը իր «շոքային» վիճակէն դուրս գալու նպատակով կը բանայ Հասաքէի ճակատը: Աւելի՛ն. ականուած ինքնաշարժներ օգտագործելով կը ճեղքէ քրդական պաշտպանական ջոկատներու անցքերը եւ կը գրաւէ Հասաքէի Հայ Ալ Նաշուա եւ Ալ Շարիհա անունը կրող թաղամասները:
Լրատուական աղբիւրներ նաեւ կը յայտնեն, որ մինչ այդ շրջանին մէջ գտնուող էսատեան բանակի զին-ւորներ կը հեռանան շրջանէն: Բացորոշ է, որ ISIS կ՚ուզէ Քոպանիի եւ Թալ Ապեատի մէջ իր կրած պարտութիւններուն վրէժը լուծել: Կան լուրեր, որ ISIS ահաբեկչական խմբաւորումը սպանդներ գործած է Քոպանիի դռներուն գտնուող Պարխ Պութան շրջանին մէջ: Մեծամասնութեամբ քիւրտ զոհերուն թիւը կ՚անցնի հարիւր յիսունը եւ զոհերուն մէջ կան մեծ թիւով տարեցներ եւ երախաներ: ISIS այս ընթացքով կը փորձէ ամէն գնով բարձրացնել իր զինեալներու տրամդրութիւնը: Ու Իրաքի մէջ անոր գրանցած ժամանակաւոր «յաղթանակներ»էն ետք, այս անգամ Սուրիոյ մէջ եւս կ՚ամրապնդէ իր դիրքերը: ISIS-ի համար անոր զինեալներուն իր սեւ դրօշին տակ մնալն ու դասալքութեան չդիմելը կը համարուի յաղթանակ: Եւ անոր «Տապէք» անունը կրող ելեկտրոնային ամսագրին մէջ խմբաւորման մէկ բանբերը կը գրէ՝ «Մեր յաղթանակը այս ծանր պայմաններու տակ գոյատեւելն է: Աշխարհը մեր դէմ կը կռուի, սակայն մենք կանգուն ենք եւ ուժեղ»:
ISIS-քրդական ջոկատներ կռիւը կրնայ երկարիլ: Անդին Իրաքի Քիւրտիստանի պատասխանատուները կը նախընտրեն լռութիւն պահել: ISIS լաւ գիտէ, որ Քիւրտիստանի սահմանները կարմիր գիծ են ամերիկացիներուն համար, որոնք այսօր ամէն գնով ոչ միայն կը սիրաշահին այդ շրջանի քիւրտ ղեկավարները, այլ բոլոր միջոցներով նեցուկ կը կանգնին փեշմերկէին ու քրդական միւս ջոկատներուն: Այս իրավիճակին մէջ ծանր վնաս կը կրէ Թալ Ապեատի եւ Ռաքքայի մօտ գտնուող սիւննի եւ թիւրքմէն բնակչութիւնը, որոնց կարեւոր մէկ մասը արդէն գաղթելով հասած է Թուրքիա: Թէ ի՞նչ արդիւնքի կրնայ յանգիլ ISIS-քրդական բախումները, տակաւին պարզ չէ: Պարզ է միայն, որ ISIS-ի դերը տակաւին չէ աւարտած եւ զարմանալի չէ, եթէ խմբաւորումը ինքնակոչ կամ արտաքին մղումներով իրեն համար նոր քարտէսներ «գծէ» ու նոր ճակատումներու երթայ:
Քաղաքական գետնի վրայ Սուրիոյ տագնապին ՄԱԿ-ի յատուկ բանագնաց Սթեֆան Տէ Միսթուրա ոչ միայն անգործութեան մատնուած է, այլ ցնցուած: Անոր կեցուածքներուն մասին գրած է «Ալ Հայաթ» օրաթերլը եւ յայտնած՝ որ Տէ Միսթուրա «շոքային» վիճակ մը ունի Սուրիոյ Նախագահ Պեշար Էսատին հետ իր ունեցած վերջին հանդիպումին լոյսին տակ: Յստակ չէ, թէ ի՛նչ խօսակցութիւն եղած է երկու կողմերուն միջեւ: Պարզ է մէկ բան, որ Էսատ խօսած է անզիջողութեան թոնով մը եւ վստահեցուցած՝ որ ինք կը հաւատայ իր բանակին յառաջիկայ զինուորական գործողութիւններուն յաջողութեան: Մէկ խօսքով Էսատի համար տակաւին զիջելու երկար ժամանակ մը գոյութիւն ունի, մանաւանդ, որ ո՛չ Իրան եւ ոչ ալ Ռուսաստան որոշ ժամկէտներու մասին կը խօսին: Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինը օրինակ ընդունելէ ետք Սէուտական Արաբիոյ երիտասարդ փոխ-գահաժառանգը, հանդիպումէն միայն ժամեր ետք յայտարարած է, թէ իրենց համար Էսատը այլընտրանք չունի: Մոսկուա իր դռները բաց ձգած է: Սուրիոյ տագնապին առընթեր ան պատրաստ է ընդունիլ ամենէն արմատականները, սակայն անոր կեցուածքները կը մնան անզիջող: Կարեւոր է նաեւ Իրանի դերը: Արդեօք Իրան պատրա՞ստ է Էսատը իր սակարկութիւններուն հերթական զոհը դարձնելու: Կամ եթէ պատահի այդպիսի բան մը, ի՛նչ գինով պիտի ըլլան այս բոլորը, յատկապէս որ քիչ չեն Սուրիան բաժանումներու ենթարկելու մասին խօսողները:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան