ՇԱՐՈՒՆԱԿԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Անգ­լիոյ Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան մի­ջազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հար­ցե­րով տնօ­րէն Նիք Կըր­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Օ­րուան ըն­թաց­քին Նիք Կըրն ըն­դու­նուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեա­նի եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի կող­մէ։

Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Սէյ­րան Օ­հա­նեա­նի եւ Նիք Կըր­նի զրոյ­ցին ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան պաշտ­պա­նու­թեան բնա­գա­ւա­ռէ ներս Հա­յաս­տան-Անգ­լիա եւ Հա­յաս­տան-ՆԱ­ԹՕ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Սէյ­րան Օ­հա­նեան ներ­կա­յա­ցուց հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման վե­րա­բե­րեալ իր տես­լա­կա­նը՝ ակն­կա­լե­լով աշ­խոյժ զար­գա­ցում մը։ Նիք Կըրն նշեց, թէ երկ­կող­մա­նի եւ բազ­մա­կող­մա­նի ձե­ւա­չա­փե­րու մէջ Անգ­լիոյ Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը պի­տի շա­րու­նա­կէ հա­մա­գոր­ծակ­ցիլ Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան հետ, ինչ­պէս առ­կայ ծրագ­րե­րու, այն­պէս ալ նոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներս։ Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան նաեւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին անվ­տան­գու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։

Իր կար­գին, Ե­դուարդ Նալ­պան­տեանն ալ ող­ջու­նե­լով հիւ­րը՝ նշեց, որ Հա­յաս­տան կը կա­րե­ւո­րէ Անգ­լիոյ հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գա­ցու­մը զա­նա­զան բնա­գա­ւառ­նե­րու մէջ։ Ան գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նեց շա­րու­նա­կա­կան քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ։

Շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար՝ Նիք Կըրն ը­սաւ, որ իր այ­ցե­լու­թեան նպա­տակն է ա­ռա­ջին ձեռ­քէն ծա­նօ­թա­նալ տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս ըն­թա­ցող գոր­ծըն­թաց­նե­րուն եւ ա­նոնց վե­րա­բե­րեալ մօ­տե­ցում­նե­րուն։

Կող­մե­րը կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին Հա­յաս­տան-ՆԱ­ԹՕ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան շուրջ։ Կըրն բարձր գնա­հա­տեց Հա­յաս­տա­նի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը  զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէ ներս ի­րա­կա­նա­ցուող խա­ղա­ղա­պահ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն։ Զրու­ցա­կից­նե­րը կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին շարք մը հրա­տապ մի­ջազ­գա­յին եւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին խնդիր­նե­րու շուրջ։ Նալ­պան­տեան հիւ­րե­րուն ներ­կա­յա­ցուց այն ջան­քե­րը, ո­րոնք Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ կը գոր­ծադ­րուին Հա­յաս­տա­նի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ե­ռա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րուն կող­մէ։ Նալ­պան­տեան այս առ­թիւ անգ­լիա­ցի բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տա­րին ու­շադ­րու­թիւ­նը հրա­ւի­րեց Ատր­պէյ­ճա­նի սարդ­րիչ, ռազ­մա­տենչ հռե­տո­րա­բա­նու­թեան, Ար­ցա­խի հետ շփման գծին վրայ եւ Հա­յաս­տա­նի հետ սահ­մա­նի եր­կայն­քով Ատր­պէյ­ճա­նի զի­նեալ ու­ժե­րու կող­մէ հրա­դա­դա­րի կո­պիտ խախ­տում­նե­րուն վրայ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 2, 2015