ՏԻԳՐԱՆ ՀԱՄԱՍԵԱՆ ԵՐԷԿ ԱԼ ՆՈՒԱԳԵՑ CRR-Ի ՄԷՋ

Յայտ­նի ե­րա­ժիշտ Տիգ­րան Հա­մա­սեան ե­րէկ իր ունկն­դիր­նե­րուն հո­գին ու միտ­քը ան­գամ մըն ալ նուա­ճեց, այս ան­գամ ալ ե­լոյթ ու­նե­նա­լով «Ճե­մալ Ռե­շիտ Ռէ­յ» (CRR) հա­մեր­գաս­րահին մէջ։ Նա­խըն­թաց ի­րի­կուան «Լոյս ի լու­սո­յ»ի թարմ տպա­ւո­րու­թեան տակ էին հան­դի­սա­կան­նե­րը, ո­րոնք ե­րէկ ալ ա­ռիթն ու­նե­ցան լսե­լու Հա­մա­սեա­նի վեր­ջին՝ Mockroot ալ­պո­մէն գոր­ծեր։ Մէ­կու­կէս ժամ շա­րու­նակ Հա­մա­սեան ե­րաժշ­տա­կան նոր հո­րի­զոն­նե­րու առ­ջեւ դրաւ սրա­հը բեր­նէ բե­րան լե­ցու­ցած ունկն­դիր­նե­րը, ո­րոնք ա­մէն կտո­րէ ետք բուռն ծա­փե­րով մաս­նա­կից կը դառ­նա­յին հա­մեր­գին։ Հա­մա­սեան հայ­կա­կան ե­րաժշ­տա­կան գան­ձա­րա­նէն ա­ռած իր պա­շա­րը կը ցա­նէր ճա­զի դա­սա­կան ու նոր հնչիւն­նե­րու ար­տին վրայ՝ քա­ղե­լով իւ­րօ­րի­նակ եւ նոյն­քան ալ ծա­նօթ, հա­րա­զատ հնչիւն­ներ, մե­ղե­դի­ներ։ Դաշ­նա­մու­րը գոր­ծա­ծե­լու իր կեր­պը ան­կաս­կած գե­տին կը պատ­րաս­տէր նման յե­ղում­նե­րուն հա­մար՝ բամբ ձայ­նե­րու ա­ռա­ւել շեշ­տադ­րու­մով։

Հա­մա­սեան յու­սով ենք այլ ա­ռիթ­ներ եւս ու­նե­նայ այ­ցե­լե­լու մեր քա­ղա­քը, ուր միշտ սի­րով պի­տի սպա­սեն ի­րեն։

Հինգշաբթի, Յուլիս 2, 2015