Արցախեան Գինիի Փառատօն
Արցախեան գինիի երրորդ փառատօնը այս տարի պիտի կայանայ 17 Սեպտեմբերին, Հադրութի շրջանի Տող գիւղին մէջ: Մամլոյ հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի Տնտեսութեան նախարարութեան Զբօսաշրջութեան վարչութեան ծրագիրներու պատասխանատու Արտակ Գրիգորեան՝ աւելցնելով, որ փառատօնի ծրագիրը մշակման փուլի մէջ է եւ յառաջիկային պիտի ներկայացուի հանրութեան:
Արտակ Գրիգորեանի համաձայն, ի տարբերութիւն նախորդ տարիներէն, այս տարի փառատօնին օրը Հոկտեմբերի երրորդ շաբաթէն յառաջաձգուած է Սեպտեմբերի երրորդ շաբթուան: Պատճառը, ըստ անոր, հիմնականօրէն անձրեւային եղանակն է:
Մինչ այդ, արցախեան գինիի առաջին եւ երկրորդ փառատօները տեղի ունեցած են 3 Հոկտեմբերին: Արցախեան գինեգործութեան եւ մշակոյթին նուիրուած այդ տարեկան տօնակատարութեան ընթացքին կը կազմակերպուին՝ արցախեան գինիի եւ բերքի ցուցահանդէս-վաճառքներ, աւանդական համերգներ, ար-ւեստի ցուցահանդէսներ:
Գինիի տօնավաճառին պիտի ներկայացուին գինեգործութեան բնագաւառին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի նշանաւոր բոլոր շրջանները, ինչպէս նաեւ՝ գինեգործներ Հայաստանէն: Արցախեան գինիի փառատօնը կը կազմակերպուի Լեռնային Ղարաբաղի Տվնտեսութեան նախարարութեան կողմէ՝ անձնական ընկերութիւններու համագործակցութեամբ: