Ի՞ՆՉ ՏԵՂԻ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԱԼ ՔԱՀ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԻՆ ՄԷՋ

Անց­նող 26 Յու­նի­սի ա­ռա­ւօ­տուն լի­բա­նա­նեան Պե­քաա շրջա­նի Ալ Քահ քրիս­տո­նէա­կան ա­ւա­նը կ­­՚արթն­նար  ա­հա­զան­գա­յին վի­ճա­կի մը մէջ: Չորս անձ­նաս­պան­ներ գիւղ մտնե­լով ի­րենք զի­րենք կը պայ­թեց­նէին պատ­ճառ դառ­նա­լով հինգ զո­հե­րու: Նոյն օ­րը ե­րե­կո­յեան դէպ­քը կը կրկնուէր ու այս ան­գամ եր­կու ա­հա­բե­կիչ­ներ անձ­նաս­պա­նա­կան ա­րարք կա­տա­րե­լով կը պատ­ճա­ռէին տաս­նեակ վի­րա­ւոր­ներ:

Ա­հա­զան­գը կը տա­րա­ծուէր Ալ Քահ գիւ­ղէն դուրս եւ ամ­բողջ երկ­րին գլխա­ւոր օ­րա­կար­գը կը դառ­նար ա­պա­հո­վու­թեան հիմ­նա­հար­ցը:

Լի­բա­նա­նի մէջ գրան­ցուող զար­գա­ցում­նե­րուն հե­տե­ւո­ղի մը հա­մար Ալ Քա­հի մէջ ե­ղած ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կում­նե­րը անս­պա­սե­լի չէին: Ե­ղա­ծը նո­րու­թիւն մը չէր, ո­րով­հե­տեւ մէ­կէ ա­ւե­լի գաղտ­նի սպա­սար­կու­թեան բան­բեր­ներ խօ­սած էին Լի­բա­նա­նը հա­րուա­ծող ա­հա­բեկ­չու­թեան վտանգ­նե­րուն մա­սին: Այդ աղ­բիւր­նե­րը բնա­կա­նա­բար ի­րենց զգու­շա­ցում­նե­րը կը հրա­պա­րա­կէին հիմ­նուե­լով վա­ւե­րա­կան տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու վրայ:

Ե­ղած գրոհ­նե­րը, ի­րենց բնոյ­թով ան­նա­խա­դէպ էին, ո­րով­հե­տեւ անց­նող ե­րեք տա­րի­նե­րուն Լի­բա­նա­նը հա­րուա­ծած տաս­նեակ ա­հա­բեկ­չա­կան պայ­թում­նե­րը թի­րախ կ­­՚ընտ­րէին երկ­րի շիի­նե­րով բնա­կե­ցուած շրջան­նե­րը, ո­րոնք ամ­բող­ջա­կան նե­ցուկ ցոյց կու տան «Հիզ­պուլ­լահ»ին եւ կը հա­մա­րուին նաեւ այդ կազ­մա­կեր­պու­թեան հո­վա­նիին տակ ե­ղող շրջան­ներ:

Ա­րագ յի­շե­ցում մը կա­տա­րե­լով պէտք է նշել, որ Պէյ­րու­թի մէջ հեր­թա­բար պայ­թում­ներ ե­ղած են քա­ղա­քի հա­րա­ւա­յին հա­տուա­ծի Պիր Ալ Ա­պըտ (2013 Յու­լիս, 53 վի­րա­ւոր), Ալ Ռուայս (2013 Օ­գոս­տոս, 26 մե­ռեալ), Ի­րա­նի Իս­լա­մա­կան Հան­րա­պե­տու­թեան մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին (2014 Փետ­րուար, 11 մե­ռեալ) եւ Պըրժ Ալ Պա­րաժ­նէ (2015 Նո­յեմ­բեր, 4 մե­ռեալ) շրջան­նե­րուն մէջ: Այս պայ­թում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով զո­հուած­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը կը պատ­կա­նին երկ­րի շիի հա­մայն­քին:

Պէտք է նշել, որ տե­ղի ու­նե­ցող ա­հա­բեկ­չա­կան պայ­թում­նե­րը մի­տում ու­նին ա­ւե­լիով սրել երկ­րին մէջ առ­կայ տա­րա­կար­ծու­թիւնն­նե­րը: Ե­թէ հա­շուի առ­նենք, որ «Հիզ­պուլ­լահ» կը ներ­կա­յաց­նէ շիի իս­լամ տար­րը, ա­պա այդ ա­հա­բեկ­չա­կան ա­րարք­նե­րը կը կա­տա­րուէին սիւն­նի հա­մայն­քի ընդ­հա­նուր ա­ւա­զա­նին մէջ «լո­ղա­ցո­ղ» խմբա­ւո­րում­նե­րու կող­մէ:

Տե­ղին է յի­շեց­նել, որ անց­նող ե­րեք տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­կան կեան­քի կա­րե­ւոր բաղ­կա­ցու­ցիչ հա­մա­րուող՝ «14 Մար­տի քա­ղա­քա­կան ու­ժե­ր­»ը ան­դա­դար կը զգու­շաց­նէին մէկ բա­նէ՝ սու­րիա­կան պա­տե­րազ­մի հրդեհ­նե­րուն Լի­բա­նան փո­խադ­րուե­լէն:

Ու­րեմն ե­թէ ճիշդ դի­տար­կենք, ա­պա յստա­կօ­րէն կ­­՚ամ­րագ­րուի այն գա­ղա­փա­րը, որ այս պայ­թում­նե­րը կը կա­տա­րուէին բախ­ման օ­րէնք­նե­րու ընդ­հա­նուր հա­յե­ցա­կար­գէն դուրս:

Դէպ­քէն ան­մի­ջա­պէս ետք լի­բա­նա­նեան բա­նա­կի յա­ւե­լեալ ջո­կատ­ներ կը մեկ­նէին Պեք­քաա եւ կը տա­րա­ծուէին ամ­բողջ շրջա­նին մէջ: Ալ Քա­հը, ինչ­պէս վե­րը նշե­ցի, քրիս­տո­նէա­կան ա­ւան է ու սահ­մա­նա­կից՝ Մա­զա­րէհ Ալ Քահ ա­ւա­նին, որ կը գտնուի Սու­րիոյ հետ սահ­մա­նա­յին գի­ծին մերձ եւ որ ամ­բող­ջու­թեամբ բնա­կե­ցուած է սիւն­նի­նե­րով: Բա­ցի ատ­կէ եւ սու­րիա­կան պա­տե­րազ­մէն ետք Սու­րիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն դէմ ե­ղող քա­ղա­քա­ցի­ներ, գաղ­թա­կա­նի կար­գա­վի­ճա­կով կը հաս­տա­տուէին այդ շրջան­նե­րուն մէջ: Քա­հի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը մէ­կէ ա­ւե­լի ան­գամ­ներ ա­հա­զանգ հնչե­ցու­ցած էին եւ մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նած այն մա­սին, թէ զի­րենք շրջա­պա­տող գիւ­ղե­րուն մէջ կաս­կա­ծե­լի շար­ժում­ներ տե­ղի կ՚ու­նե­նան: Կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը, ո­րուն դի­մաց նման այլ խնդիր­ներ եւս կան, չէր մտադ­րած «եր­կա­թեայ բռունց­ք» գոր­ծա­ծե­լով պէտք ե­ղած մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րը ը­նել: Ո­ւ այ­սօր այս նոր բե­մագ­րու­թեան դի­մաց ամ­բողջ Լի­բա­նա­նը կը յայտ­նուէր շո­քա­յին վի­ճա­կի մը դի­մաց:

Նոյ­նան­ման սպառ­նա­լիք­նե­րու հան­դի­սա­տես կ­­՚ըլ­լար սիւն­նի այլ բա­ւա­կան մեծ շրջան մը՝ Ար­սէ­լը: Այդ շրջա­նին լեռ­նա­յին հա­տուած­նե­րը այ­սօր դար­ձած են Ի­ՇԻՊ-ի եւ «Ալ Նուս­րա» ճա­կա­տի կեդ­րո­նա­տե­ղի­ներ ու անց­նող ե­րեք տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին բա­նա­կը տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով ճա­կա­տում­ներ կ՚ու­նե­նար այդ ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րուն դէմ: Ար­սէ­լը ա­ւե­լի ուշ կը դառ­նար նաեւ քա­ղա­քա­կան օ­րա­կար­գի նիւթ եւ երկ­րի հա­կաէ­սա­տեան շեր­տին հա­մար բա­նա­կին այդ ա­ւան մուտք գոր­ծե­լը կը հա­մա­րուէր ար­գի­լուած քայլ կամ սիւն­նի­նե­րու դէմ ոտնձ­գու­թիւն: Շրջան մը ետք այդ բարդ ի­րա­վի­ճա­կը կը մեղ­մա­ցուէր, բայց ցայ­սօր ալ Ար­սէ­լը կա­րե­լի է հա­մա­րել Սու­րիոյ մէջ կռուող խմբա­ւո­րում­նե­րուն հա­մար կա­րե­ւոր կա­մուրջ, ուր տար­բեր տե­սա­կի պա­րէն­ներ այդ ա­ւա­նին ճա­նա­պար­հով կը փո­խան­ցուէին ընդ­դի­մա­դիր ա­նու­նով յայտ­նի, բայց ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րուն: Այս ի­րա­վի­ճա­կը կա­րե­լի է հա­մա­րել ըն­դու­նուած օ­րէնք­նե­րու եւ հաս­տա­տուած կար­միր գի­ծե­րու մէջ ե­ղած կա­րե­ւոր ան­ցու­մա­յին կէտ: Ինչ­պէս մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը ան­զօր է Սու­րիոյ մէջ «Հիզ­պուլ­լա­հ­»ին ուղ­ղա­կի եւ բա­ցա­յայտ մի­ջա­մա­տու­թեան դի­մաց, նոյն­պէս Լի­բա­նա­նի օ­րի­նա­պահ մար­մին­նե­րը ան­զօր են փա­կել ա­հա­բե­կիչ զի­նեալ­նե­րու պա­րէ­նի ճա­նա­պարհ­նե­րը:

Վե­րա­դառ­նա­լով քրիս­տո­նէա­կան Ալ Քահ շրջա­նին եւ հոն ե­ղած զար­գա­ցում­նե­րուն՝ ըստ կարգ մը դէ­տե­րու, այդ յա­ր­­ձա­կում­նե­րը կը գոր­ծուէին նպա­տակ ու­նե­նա­լով դա­տար­կել քրիս­տո­նեայ տար­րը եւ այդ հա­տուած­նե­րը դարձ­նել սու­րիա­ցի գաղ­թա­կան­նե­րու յա­տուկ «ա­պա­հո­վա­կան գօ­տի­նե­ր»:

Այս սպառ­նա­լիք­նե­րուն տակ էր, որ երկ­րի քրիոս­տո­նեայ հա­տուած­նե­րը ի­րենց տար­բեր շեր­տե­րով մէկ մար­դու պէս կ­­՚ըն­դու­նէին նե­տուած ձեռ­նո­ցը եւ կը յայ­տա­րա­րէին, որ պի­տի պաշտ­պա­նեն Ալ Քա­հը բո­լոր վտանգ­նե­րէն: Բա­ցի այդ, գիւ­ղի զի­նուած բնակ­չու­թեան մեծ մա­սը փո­ղոց իջ­նե­լով լրա­տուա­կան տե­սախ­ցիկ­նե­րուն առ­ջեւ կը կանգ­նէր զի­նուած վի­ճա­կով ու ա­նոնց մէջ կը նկա­տուէին նաեւ զի­նեալ կի­ներ: Ճիշդ է, որ ա­պա­հո­վա­կան մար­մին­ներ ա­րա­գօ­րէն կ­­՚ար­գի­լէին նման զի­նուած ե­րե­ւոյթ­նե­րը, սա­կայն ընդ­հա­նուր վի­ճա­կը կը յի­շեց­նէր քսան­հինգ տա­րի Լի­բա­նա­նը հա­րուա­ծած քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տեր­զա­մին ընդ­հա­նուր մթնո­լոր­տը:

Քա­ղա­քա­կան տե­սա­կէ­տէն կա­րե­ւոր յայ­տա­տա­րու­թիւն կը կա­տա­րէր երկ­րի խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ Նե­պիհ Պըր­րի: Ան, որ ընդ­հա­նուր միաս­նու­թեան կոչ կ­­՚ը­նէր, կը յայ­տա­րա­րէր, որ լի­բա­նան­ցի­նե­րը այս ըն­թաց­քով կ­­՚ուղ­ղուին դէ­պի անձ­նա­սա­պա­նու­թիւն: Պըր­րի դա­տա­պար­տե­լէ ետք հա­ւա­տադ­րուժ­նե­րուն (սա­լա­ֆիստ) ը­րած ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը, երկ­րին վի­ճա­կը կը հա­մա­րէր չա­փա­զանց վտան­գա­ւոր: Նե­պիհ Պը­րրիի կար­ծի­քով, եր­կի­րը ա­պա­հո­վա­կան վտանգ­նե­րուն եւ անձ­նա­ս­­պա­նա­կան ա­հա­բեկ­չու­թիւն­նե­րու կող­քին ա­մէն օր քա­ղա­քա­կան անձ­նաս­պա­նու­թեան զոհ կ­­՚եր­թար: Բնա­կան է, որ շիի ղե­կա­վա­րին ակ­նար­կը երկ­րի նա­խա­գահ մը չկա­րե­նալ ընտ­րե­լու մա­սին էր:

Ատ­կէ զատ Սու­րիոյ շուրջ կա­տա­րուող փո­փո­խու­թիւն­նե­րը ու յատ­կա­պէս վեր­ջին օ­րե­րուն Ե­րե­ւան ե­կած Իս­րա­յէլ-Թուր­քիա եւ Ռու­սաս­տան-Թուր­քիա ձիւն­ա­հա­լը բնա­կան է, որ նոր ի­րա­վի­ճակ պի­տի թե­լադ­րէր Սու­րիոյ մէջ:

Ճիշդ է, որ տա­կա­ւին վաղ է այդ փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն մա­սին խօ­սի­լը, բայց եւ այն­պէս կրնայ մօ­տիկ ա­պա­գա­յին հա­սուն­նալ Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մի մէկ փոքր բե­մագ­րու­թիւ­նը Լի­բա­նա­նի մէջ տես­նե­լու գե­տի­նը:

Թէ ինչ­քա­նով ճիշդ է այս վար­կա­ծը, կամ ա­ւե­լի՛ն՝ ինչ­քա­նով ան նպա­տա­կա­յար­մար է շրջա­նա­յին ու­ժե­րուն հա­մար, պարզ չէ, յստակ է միայն, որ հա­մայն­քա­յին դրու­թեամբ կա­ռա­վա­րուող Լի­բա­նա­նին հա­մար շատ ալ դժուար չէ մէկ օ­րէն միւ­սը նոր հրահ­րում­նե­րու եւ ա­րիւ­նա­հո­սում­նե­րու ըն­թացք տալ կամ առ­նուազն գե­տին պատ­րաս­տել:

Ալ Քա­հի մէջ կա­տա­րուա­ծը պէտք է դի­տար­կել այդ պա­րու­նա­կով ու մտա­հո­գիչ է, որ այս հանգ­րուա­նին վտան­գի ա­ռջեւ կանգ­նած են երկ­րի քրիս­տո­նեայ հա­մայնք­նե­րը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Շաբաթ, Յուլիս 2, 2016