ՁԵՌՆՏՈՒ ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔ

Հա­յաս­տանի Փո­խադ­րու­թեան ու կա­պի նա­խա­րար Գա­գիկ Բեգ­լա­րեան յայ­տա­րա­րեց, որ Ի­րա­նի գոր­ծա­րար­նե­րը հա­կուած են Սեւ ծով բա­ցուիլ Հա­յաս­տա­նի մի­ջո­ցաւ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, նա­խա­րա­րը նշեց, թէ Հա­յաս­տան ա­մէն ինչ կ՚ը­նէ՝ տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս Ի­րա­նի հա­մար փո­խադ­րա­կան հա­ղոր­դակ­ցու­թեան ու­ղի­նե­րու լա­ւա­գոյն տար­բե­րա­կը ա­ռա­ջար­կե­լու նպա­տա­կով։

Երկ­րի կա­ռա­վա­րու­թեան վեր­ջին ժո­ղո­վի ա­ւար­տին լրագ­րող­նե­րու հետ զրու­ցե­լու ժա­մա­նակ Բեգ­լա­րեան անդ­րա­դար­ձաւ Ի­րա­նի, Ատր­պէյ­ճա­նի եւ Վրաս­տա­նի մի­ջեւ եր­կա­թու­ղիի եւ մայ­րու­ղիի կա­ռուց­ման նա­խագ­ծա­յին աշ­խա­տանք­նե­րուն։ Ան այս կա­պակ­ցու­թեամբ ը­սաւ. «Մենք ա­մէն ինչ կ՚ը­նենք, որ­պէս­զի այս տա­րած­քաշր­ջա­նին մէջ ըլ­լանք ա­ռաջ­նա­յին։ Վեր­ջին շրջա­նին տե­ղի ու­նե­ցաւ դէ­պի Ի­րան իմ այ­ցե­լու­թիւնս։ Ստո­րագ­րե­ցինք հա­մա­ձայ­նագ­րեր։ Այ­սօր իւ­րա­քան­չիւր պե­տու­թիւն այ­լընտ­րանք կ՚ա­ռա­ջար­կէ։ Ե­թէ Հա­յաս­տան ի­րա­նա­կան կող­մին կա­րե­նայ ա­ռա­ջար­կել ա­ւե­լի լաւ գի­նե­րով, ո­րա­կով ճա­նա­պարհ՝ ա­պա վստահ եմ, թէ Ի­րա­նի գոր­ծա­րար­նե­րը յա­կուած կ՚ըլ­լան Հա­յաս­տա­նով բա­ցուիլ դէ­պի Սեւ ծով»։

Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ Բեգ­լա­րեան յի­շե­ցուց, թէ երկ­րի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ըն­դու­նած են ա­րագ քա­ղա­քա­կան ո­րո­շում մը, որ­պէս­զի Հիւ­սիս-հա­րաւ ճա­նա­պար­հի Ա­գա­րակ-Սի­սեան հա­տուա­ծը պե­թո­նա­պա­տի փո­խա­րէն կա­ռու­ցուի աս­ֆալ­թա­պատ։ Սա հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի ըն­ձե­ռէ, որ­պէս­զի ճա­նա­պար­հի այդ հա­տուա­ծը ա­ւար­տի շատ ա­րագ։ Շնոր­հիւ այս նա­խա­ձեռ­նու­թեան մին­չեւ  Ե­րե­ւան ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը պի­տի կրճա­տուի 70 քի­լօ­մեթ­րով ու 2.5 ժա­մով։ Առ ա­ռա­ւելն ե­րեք ամ­սուան ըն­թաց­քին այս աշ­խա­տանք­նե­րը պի­տի ա­ւար­տին։ «Վստահ եմ, որ շնոր­հիւ այդ ճա­նա­պար­հին պի­տի ու­նե­նանք բա­ւա­կան մէջ փո­խադ­րա­կան ծան­րա­բեռ­նուա­ծու­թիւն։ Բաց աս­տի, Ե­ռաստ­ղի մէջ ալ ու­նինք լաւ եր­կա­թու­ղի մը, ո­րով Ի­րա­նի բեռ­նե­րը կրնանք փո­խադ­րել մին­չեւ Սեւ ծո­վու նա­ւա­հան­գիստ­ներ», ը­սաւ նա­խա­րա­րը եւ ա­ւել­ցուց, թէ Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­ջարկ­նե­րը ի­րենց հա­շուարկ­նե­րով ա­ռա­ւել խնա­յո­ղա­կա­նը պի­տի հան­դի­սա­նան Ի­րա­նի գոր­ծա­րար­նե­րուն հա­մար։

Շաբաթ, Յուլիս 2, 2016