ՄԵՐՔԷԼ-ՄԱՐԿՎԵԼԱՇՎԻԼԻ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէլ ե­րէկ տե­սակ­ցե­ցաւ Վրաս­տա­նի Նա­խա­գահ Կէոր­կի Մարկ­վե­լաշ­վի­լիի հետ, որ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Պեր­լին։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, քննար­կուե­ցան երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն ըն­թացքն ու ա­նոնց խո­րաց­ման հե­ռան­կար­նե­րը։ Կող­մե­րը մաս­նա­ւո­րա­պէս ընդգ­ծե­ցին ի­րենց ձգտու­մը՝ զբօ­սաշըր-ջու­թեան եւ տնտե­սու­թեան բնա­գա­ւա­ռէն ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան շուրջ։ Օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան նաեւ եւ­րո­պա­կան եւ եւ­րոատ­լան­տեան ա­ռանցք­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ նիւ­թեր։

Ան­կե­լա Մեր­քէլ եւ Կէոր­կի Մարկ­վե­լաշ­վի­լի կանգ ա­ռին Կով­կա­սի տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն վրայ։ Ա­նոնք խօ­սե­ցան նաեւ Եւ­րո­միու­թեան նոր գոր­ծըն­թաց­նե­րուն շուրջ։ Մեր­քէլ նշեց, որ Գեր­մա­նիա մեծ հե­տաքրք­րու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րէ Վրաս­տա­նի ներ­քին քա­ղա­քա­կան գոր­ծըն­թաց­նե­րուն, ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րուն եւ յա­ռա­ջի­կայ խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն նկատ­մամբ։

Շաբաթ, Յուլիս 2, 2016