ՍՈՉԻԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ
Երէկ, Սոչիի մէջ տեղի ունեցաւ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ժողովը, որ 34-րդն էր իր նմաններու շարքին։ Այս ժողովին շրջագծով տեղի ունեցաւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի հանդիպումը։ Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ ծագած լարուածութեան յաղթահարման ճանապարհին օրերէ ի վեր կը սպասուէր այս հանդիպման, որ յաջորդեց երկու երկիրներու նախագահներուն՝ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ Վլատիմիր Փութինի հեռախօսազրոյցին։
Սոչիի մէջ նախարարներուն զրոյցը տեւեց շուրջ 35 վայրկեան։ Յարաբերութիւններու բնականոնացման ճանապարհին վրայ՝ հաւանական է, որ յաջորդ ամիս ալ տեսակցին Էրտողան եւ Փութին, նոյնպէս Սոչիի մէջ։
Նախարարներու երէկուան զրոյցէն վերջ թրքական կողմը յիշեցուց, թէ երկու երկիրները կը ձգտին իրենց ապրանքաշրջանառութեան ծաւալը հասցնել 100 միլիառ ամերիկեան տոլարի մակարդակին։ Կողմերը համագործակցութեան ազդանշաններ տուին նաեւ՝ Սուրիոյ ճգնաժամին առընչութեամբ, պատրաստակամութիւն յայտնելով համակարգուած գործելու ուղղութեամբ։ Թուրքիա եւ Սուրիա տարակարծութիւններ չունին Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչները որոշելու շուրջ։ Կը նախատեսուի նաեւ, որ յառաջիկայ շրջանին շփման մէջ անցնին նաեւ զինուորականները։
Միւս կողմէ, Սոչիի մէջ կազմակերպուած ՍԾՏՀԿ-ի ժողովին մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան։