ՎԱՂԸ ԿԸ Կա­յա­նայ
«Վար­դա­վառ» Մի­ջազ­գա­յին Փա­ռա­տօ­նը

Վաղը, Գառ­նիի պատ­մա­կան-մշա­կու­թա­յին ար­գե­լոց-թան­գա­րա­նին եւ Գե­ղար­դի վա­նա­կան հա­մա­լի­րին մէջ, հո­գե­ւո­րին ու ազ­գա­յի­նին միա­ձուլ­մամբ, պի­տի կա­յա­նայ «Վար­դա­վառ» մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նը:

«Ար­մենփ­րէս» գործակալութեան մամ­լոյ  սրա­հին մէջ կա­յա­ցած ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին Ե­րի­տա­սար­դա­կան ա­կումբ­նե­րու դաշ­նու­թեան նա­խա­գահ, «Վար­դա­վառ» մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նի ղե­կա­վար Ա­տոմ Մխի­թա­րեան նշած է, որ փա­ռա­տօ­նին նպա­տակն է հայ հա­սա­րա­կու­թիւ­նը հա­ղոր­դա­կից դարձ­նել տօ­նի ի­րա­կան ծա­գում­նա­բա­նու­թեան, վեր առ­նել հայ­կա­կան մշա­կոյ­թը, խթա­նել ազ­գա­յին ինք­նու­թիւնն ու ճա­նա­չո­ղու­թիւ­նը, հո­գե­ւոր ար­ժէք­նե­րու պահ­պա­նու­մը:

«Փա­ռա­տօ­նը ար­դէն ա­ւան­դա­կան դար­ձած է, երրորդ ան­գամն է, որ կ՚ի­րա­կա­նա­ցուի: Մեր նպա­տակն է վեր հա­նել ազ­գա­յին ա­ւան­դա­կա­նը եւ մատ­չե­լի ձե­ւով մա­տու­ցել ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն, լայն հա­սա­րա­կու­թեա­նը՝ զա­նոնք ներգ­րա­ւե­լով տօ­նախմ­բու­թեան մէջ: Փա­ռա­տօ­նը իւ­րա­քան­չիւր տա­րի կ՚ու­նե­նայ յա­տուկ խո­րա­գիր, այս տա­րուան խո­րա­գիրն է՝ «Ազ­գա­յին ա­ւան­դա­կան խա­ղեր»: Ե­րի­տա­սարդ խա­ղա­վար­նե­րու մի­ջո­ցով վեր պի­տի հա­նենք այն խա­ղե­րը, ո­րոնք մեր նախ­նի­նե­րը խա­ղա­ցած են նա­խա­պէս», ը­սած է Ա­տոմ Մխի­թա­րեան:

«Վար­դա­վառ» մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նի հա­մա­կար­գող Սո­նա Փար­սեան տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ «Վար­դա­վառ» փա­ռա­տօ­նի հան­դի­սա­ւոր բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Գառ­նիի հե­թա­նո­սա­կան տա­ճա­րին մէջ, զու­գա­հե­ռա­բար նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ պի­տի կա­տա­րուին Գե­ղար­դա­վան­քին մէջ: Գառ­նիի մէջ պի­տի հնչէ ազ­գա­յին եր­գը, ներ­կա­նե­րը պար պի­տի բռնեն՝ խա­ղե­րով եւ ջու­րով զի­րար թրջե­լու ա­րա­րո­ղու­թեամբ: «Կէ­սօ­րին Գառ­նիի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ֆլեշ-մոպ ազ­գա­յին շուրջ­պար, այ­նու­հե­տեւ նա­խա­տե­սուած է Վար­դա­վա­ռի ծի­սա­կա­տա­րու­թեան բե­մա­կա­նա­ցում: Զու­գա­հե­ռա­բար պի­տի կա­յա­նան ազ­գա­յին խա­ղեր», ը­սած է Սո­նա Փար­սեան:

Ամ­բողջ օ­րուան ըն­թաց­քին Գառ­նիի տա­րած­քին պի­տի տե­ղադ­րուին տա­ղա­ւար­ներ, եւ իւ­րա­քան­չիւր մարզ հան­դէս պի­տի գայ անձ­նա­կան ծրա­գի­րով՝ ներ­կա­յաց­նե­լով տօ­նին առըն­չուած անձ­նա­կան մօ­տե­ցում­նե­րը:

Հա­յաս­տա­նի Կո­տայ­քի փոխ-­մարզ­պետ Կա­րէն Մար­գա­րեան նշած է, որ «Վար­դա­վառ» փա­ռա­տօ­նը մար­զի բնա­կիչ­նե­րուն կող­մէ սի­րուած ու սպա­սուած է: «Կո­տայ­քի մար­զին մէջ մշա­կու­թա­յին կեան­քը մեծ աշ­խու­ժու­թիւն կ՚ապ­րի: Յատ­կա­պէս պէտք է ընդգ­ծեմ Կո­տայ­քի մարզ­պե­տին կող­մէ վա­րուող քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, ո­րուն շնոր­հիւ՝ մշա­կու­թա­յին կեան­քին նոր լից­քեր պի­տի հա­ղոր­դուի, նոր բա­ղադ­րիչ­ներ պի­տի կի­րա­ռուի: Մար­զը պատ­րաստ է իր հիւ­րըն­կալ դռնե­րը բա­նա­լու հիւ­րե­րուն դի­մաց: Յայտ­նեմ, որ այս փա­ռա­տօ­նը կ՚ընդգր­կուի մարզ­պե­տա­րա­նի մշա­կու­թա­յին ծրա­գիր­նե­րու շար­քին մէջ, եւ մենք կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն հետ միա­սին փոր­ձած ենք հա­մադ­րել մար­զա­յին մշա­կու­թա­յին ա­ւան­դոյթ­նե­րը փա­ռա­տօ­նի ընդ­հա­նուր տրա­մա­բա­նու­թեան մէջ», դի­տել տուած է Կա­րէն Մար­գա­րեան:

«Վար­դա­վառ» մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նի գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար Ար­մէն Սարգ­սեան կա­րե­ւոր նկա­տած է մարզ­պե­տա­րա­նին ա­ջակ­ցու­թիւ­նը՝ նշե­լով, որ ա­նի­կա իր նպաս­տը կ՚ու­նե­նայ մշա­կոյ­թի զար­գաց­ման ա­ռու­մով: «Փա­ռա­տօ­նի շրջա­նակ­նե­րուն մէջ նա­խա­տե­սուած ներ­կա­յա­ցու­մով փոր­ձած ենք բա­ցա­յայ­տել, թէ ինչ­պէս տե­ղի կ՚ու­նե­նան ազ­գա­յին ծի­սա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րը՝ կա­պուած Վար­դա­վա­ռի տօ­նին հետ: Այս մէ­կը ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար մե­զի պի­տի օգ­նեն մաս­նա­գէտ դե­րա­սան­ներ: Հա­մա­գոր­ծակ­ցած ենք «Ա­կունք» ազ­գագ­րա­կան երգ ու պա­րի հա­մոյ­թին եւ շարք մը այլ խում­բե­րու հետ», նշած է Ար­մէն Սարգ­սեա­ն:

Շաբաթ, Յուլիս 2, 2016