ՔՆԵՍԷԹԻ ՄՕՏ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Իսրայէլի խորհրդարանէն ներս Յուլիսի 5-ին օրակարգի վրայ պիտի գայ հայկական հարցը։ Քնեսէթ պիտի քննարկէ 1915-ի դէպքերը որպէս ցեղասպանութիւն ճանչնալու հարցը։ Խորհրդարանական այս քննարկումը կը զուգադիպի ուշագրաւ ժամանակա-շըրջանի մը, որովհետեւ տակաւին բոլորովին վերջերս Թուրքիա եւ Իսրայէլ որոշած են բնականոնացնել իրենց յարաբերութիւնները, որոնք վերջին տարիներուն ենթարկուեցան լուրջ վերիվայրումներու։
Յայտնի ցեղասպանագէտ ու պատմաբան Եայիր Օրոն այս կապակցութեամբ յայտնեց, թէ Իսրայէլ նախապէս կը խուսափէր այս նիւթին վերաբերեալ հանրային քննարկումներէ եւ ազատ քուէարկութենէ՝ խուսափելու համար Թուրքիոյ կառավարութեան հակազդեցութենէն։ «Ժամանակն է, որ Իսրայէլ պաշտօնապէս ճանչնայ հայոց ցեղասպանութիւնը», ըսաւ ան եւ աւելցուց, թէ Թուրքիա ի գործ կը դնէ իր զգալի աշխարհաքաղաքական, ռազմական ու տնտեսական լծակները՝ իր տեսակէտները պաշտպանելու համար։