Կիրակի 22, Դեկտեմբեր 2024
ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ ՈՒՐԱՑՄԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒԻՆ ՀԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆ
Ֆրանսայի մէջ հայկական հարցին շուրջ պատրաստուած նոր բանաձեւը երէկ գտաւ իր սկզբնական վաւերացումը։ Այս նոր նախագիծը, որ շրջանառութեան մէջ դրուած է կառավարութեան կողմէ, կը նախատեսէ քրէականացնել «հայոց ցեղասպանութեան ուրացումը»։ Ֆրանսայի Ազգային ժողովը ընդունեց այս բանաձեւը՝ նիստին մասնակից 21 երեսփոխաններու միաձայնութեամբ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս նախագիծը աշնան պէտք է գայ նաեւ Ծերակոյտի օրակարգին վրայ։ Եթէ այնտեղ եւս նախագծին հաւանութիւն տրուի, ապա հարցը վերստին քննարկման առարկայ պիտի դառնայ Ազգային ժողովին մօտ։
Շաբաթ, Յուլիս 2, 2016