ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԶԻՆԵԱԼ ՈՒԺԵՐԸ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՆԱԽԻՋԵՒԱՆԷՆ ԿՐԱԿ ԲԱՑԻՆ ԴԷՊԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը շաբաթավերջի երկու օրերուն Նախիջեւանէն կրակ բացին դէպի Հայաստանի սահմանը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս կապակցութեամբ երէկ բացատրութիւններով հանդէս եկաւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան, որ տեղեկացուց, թէ այս պատճառով տեղի ունեցաւ փոխադարձ հրաձգութիւն։ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը փորձեցին ամրապնդել իրենց դիրքերը եւ իրականացնել համապատասխան աշխատանք։ Այս պայմաններուն ներքեւ, հայկական զինեալ ուժերը փոխադարձ կրակ բացին եւ թոյլ չտուին՝ որ Ատրպէյճան հասնի իր նպատակին։ Հայկական զինեալ ուժերը ամբողջութեամբ աւերած ու այրած են Ատրպէյճանի դիրքերէն մին։ Բախումներուն հետեւանքով թեթեւ ձեւով վիրաւորուած է հայկական զինեալ ուժերու պայմանագրային զինուորներէն Վահագն Պաղտասարեան (1974 թ.)։

Այս առաւօտ Արծրուն Յովհաննիսեան տեղեկացուց, որ վերոյիշեալ դէպքերէն վերջ ալ տեղի ունեցած են կրակոցներ, սակայն ներկայիս Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի Նախիջեւանի հատուածին վրայ իրավիճակը համեմատաբար հանգիստ է։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հրապարակեցին տեսանիւթ մը, ուր կ՚երեւի Ատրպէյճանի աւերուած դիրքը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 2, 2018