ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթին մէջ կը կ՚արդանք.-

2018 ապրիլէն մինչեւ 2019 յունիս՝ շուրջ 14 ամիս տեւած վերանորոգման աշխատանքներէ ետք Ֆրանսայի Կաթողիկէ Հայոց Ս. Խաչ տաճարը վերագտաւ իր փայլքն ու շքեղութիւնը։ 1.2 միլիոն եւրօ արժած գործողութիւնը գանձատրուած է Փարիզի քաղաքապետարանին եւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ 1978-ին հիմնուած ընկերակցութեան կողմէ։ Այս վերջինը հովանաւորած է ծրագիրը 500 հազար եւրօ յատկացումով։ Սոյն գործունէութեան մանրամասնութիւններուն արդէն անդրադարձած էինք։

Հինգշաբթի, յունիսի 27-ին, յատուկ արարողութեամբ մը վերանորոգուած
 տաճարին բացումը կատար-ւեցաւ։
 Խուռներամ բազմութիւն մը համախմբուած էր
 սրբատեղիին կամարներուն տակ։
 Յայտարարուած
 ճիշդ ժամուն եկեղեցի մուտք գործեցին պաշտօնական
 հիւրերը՝ Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոյի առաջնորդութեամբ,
 մինչ Հայաստանէն
 ժամանած երգչախումբը թափօրին
 կ՚ընկերանար
 Կոմիտասի «Շողեր ջան»ի երգեցողութեամբ։
 Ներկայ էին Փարիզ 3-րդի թաղապետ Փիէռ Էտընպաում, Հայ Եկեղեցւոյ երեք յարանուանութեանց՝ Կաթողիկէ, Առաքելական եւ Աւետարանական առաջնորդները, յաջորդաբար՝ Եղիա Եղիայեան Սրբազանը, Տ. Վահան Եպիսկոպոս Յովհաննէսեան եւ վերապատուելիներ՝ Ժոէլ Միքայէլեան, Ռընէ եւ Ժիլպէռ Լեւոնեան, ինչպէս նաեւ թեմի անդրանիկ առաջնորդ Տ. Նորվան Արք. Զաքարեան, Ժոզէֆ Վրդ. Քէլէկեան, բոլորին կողմէ սիրուած քոյր Արուսեակը,- որ արժանացաւ ներկաներու յոտնկայս ծափահարութիւններուն,- Ֆրանսայի մօտ  Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան, Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, հայկական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ եւ կրօնական ու քաղաքական պաշտօնատար այլ անձնաւորութիւններ (ցանկը երկար է)։

Նախ Եղիայեան Սրբազան բարի գալուստի մաղթանքէն ետք՝ ներկայացուց բարենորոգման աշխատանքներուն ընթացքը, եկեղեցւոյ պատմականը, Հայ
 Կաթողիկէ համայնքին գործունէութիւնը։ Ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց բոլոր ծանօթ եւ անծանօթ նուիրատուներուն։ Հոս անմիջապէս նշենք, թէ կիրակի, յունիսի 30-ին, ժամը 11-ին, նոյն տաճարին մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ նուիրատուներու եւ հովանաւորներու ընտանիքներու յիշատակին։

Այնուհետեւ ելոյթներ ունեցան եւ բարեկարգման ծրագրի իրագործման մասին արտայայտուեցան Փարիզ 3-րդի թաղապետը, սոյն ծրագիրը հովանաւորող Արա Ահարոնեան եւ հուսկ՝ Փարիզի քաղաքապետը։

Յետոյ խորանին առջեւ տեղ
 գրաւեց Հայաստանի Հայ Կաթողիկէ Աստուածամօր եկեղեցւոյ քառասուն հոգինոց իգական երգչախումբը՝ խմբավար Ռոպերթ Մլքէեանի ղեկավարութեամբ։ 2005-ին քոյր Արուսեակի ջանքերով հիմնուած աղջնակներու երգեցիկ խումբը իր հրաշալի կատարողութեամբ անմոռանալի պահեր պարգեւեց ունկնդիրներուն։ Արդարեւ հայրենի հողին վրայ ծաղկող արուեստն ու մշակոյթը «ուրիշ համ ունի»...։ Հնչեցին Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն՝ «Շողեր ջան», «Կալերի ճամբին կեցայ», «Աղջի անունդ Շուշան», «Հօյ իմ նազանի եարը», «Կաքաւի երգ», «Հովն անոյշ», «Պուճուր աղջիկ սեւաւոր»...։ Երգչախումբը յայտագրի երկրորդ բաժնով նոյնքան խոր ապրումներով մեկնաբանեց Շուպերթի, Լուսիկեանի, Այվազեանի, Տըպիւսիի, Ֆոռէի, Օֆենպախի, Սմբատեանի, Յովհաննիսեանի... յօրինումները։ Յայտնենք, թէ երգչախումբը շաբաթ, յունիսի 29-ի յետմիջօրէին ալ ելոյթ ունեցաւ տաճարին մէջ՝ յաւարտ կրօնական արարողութեան եւ օրհնութեան։ Նոյն ձեռնարկին Կաթողիկէ հայոց Ս. Խաչ եկեղեցւոյ պատուոյ շքանշանով պարգեւատրուեցաւ բարերար Արա Ահարոնեան։

Հանդիսութեան աւարտին եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ հիւրասիրուեցան ներկաները։

Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ խնամքով պատրաստուած եռօրեայ (յունիս 27, 29 եւ 30) ձեռնարկները իրապէս գնահատանքի արժանի են։ Այս առիթով հրատարակուած է նաեւ երեսուն էջերէ կազմուած պատկերազարդ գրքոյկ մը՝ «Renaissance d’un trésor du patrimoine : La Cathédrale Sainte-Croix des Arméniens Catholiques» խորագրով։

Երեքշաբթի, Յուլիս 2, 2019