Շաբաթ 28, Դեկտեմբեր 2024
ՄԱՆՍՈՒՐԵԱՆԻ 80-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆԸ՝ ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ
Հայաստանի կառավարութիւնը յունիսի 20-ի նիստին որոշեց Տիգրան Մանսուրեանի ծննդեան 80-ամեակին նուիրուած միջազգային փառատօնի իրականացման նպատակով կառավարութեան պահուստային ֆոնտէն 50 միլիոն դրամ յատկացնել «Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբ» պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութեան:
Հարցը ներկայացուց Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Արայիկ Յարութիւնեան՝ նշելով, որ սեպտեմբերի առաջին կիսուն տեղի պիտի ունենայ փառատօնը, որուն պիտի մասնակցին այն մենակատարներն ու երաժիշտները, որոնք արտերկրի մէջ կը ներկայացնեն Տիգրան Մանսուրեանի արուեստը:
«Համերգները տեղի պիտի ունենան Ստեփանակերտի, Երեւանի եւ Կիւմրիի մէջ», ըսած է նախարարը:
Երեքշաբթի, Յուլիս 2, 2019